Նովոսիպիրսկի մարզի հայերու ազգային-մշակութային ինքնավարութեան կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժումին մանրամասութիւնները ներկայացուած են համայնքի անդամներուն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկի կազմակերպիչները խօսած են շարժման կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ յորդորած համապատասխան լուսանկարներու միջոցով շարժման գաղափարախօսութիւնը տարածել ընկերային ցանցերու մէջ: