Հայաստանի անվտանգութիւնը երկրի խորհրդարանական կառավարման ձեւով աւելի յուսալիօրէն ապահովուած պիտի ըլլայ: Այս մասին, «Սպուտնիկ Արմէնիա»–ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
2015 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացաւ սահմանադրական հանրաքուէ։ Հաստատուած փոփոխութիւններուն համաձայն` հանրապետութեան մէջ կառավարման նախագահական համակարգէն անցում կատարուեցաւ խորհրդարանականին:
«Կը կարծեմ, ամէն պարագայի կառավարման նման ձեւը պիտի յանգեցնէ այն փաստին, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը աւելի յուսալի պիտի ապահովուի»,– ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Անոր խօսքով` շատ երկիրներու մէջ կարծիք ձեւաւորուած էր, թէ Հայաստանի մէջ կը գործէր կառավարման նախագահական համակարգ, իսկ հիմա անցում կը կատարուի խորհրդարանականի: «Ատիկա այդպէս չէ: Մենք ունէինք կիսանախագահական կառավարման ձեւ, եւ ինչպէս բոլոր կիսաձեւերը, անիկա ունի իր թերութիւնները: Միայն այն բանի շնորհիւ, որ գործող նախագահը խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունի, հնարաւոր կը դառնայ երկրի կայուն կառավարումը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կիսանախագահական համակարգի մէջ կառավարութիւնը կը ձեւաւորէ խորհրդարանը:
Եւ եթէ պատկերացնենք, որ նախագահը կրնայ ներկայացնել քաղաքական ուժ մը, իսկ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` այլ, ուստի հասկնալի է, որ կառավարութեան եւ նախագահի միջեւ պիտի ըլլան վատ յարաբերութիւններ»,– պարզաբանած է ան:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ յիշեցուցած է, որ նախագահը նաեւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է եւ կը կրէ երկրի անվտանգութեան եւ ամբողջականութեան համար պատասխանատուութիւնը: «Եւ բոլորիս ալ հասկնալի է, որ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի գործառոյթը այն չէ, որ քարտէզի վրայ սլաքներ նշէ, թէ որ ուղղութեամբ պէտք է շարժին զօրքերը: Անոր խնդիրն է ապահովել պետութեան ամբողջ միջոցը ռազմաքաղաքական խնդիրներու լուծման համար: Իսկ ինչպէ՞ս ան կրնայ ընել այդ մէկը, եթէ իրաւունք չունենայ պիւտճէական միջոցներուն մէկ մասը ծախսել այդ նպատակով: Ասիկա մէկ: Եւ երկրորդը` ինծի կը թուի, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ աւելի ճիշդ է, որ իրաւունքը ըլլայ այնտեղ, ուր պատասխանատուութիւնն է»,– ըսած է ան:
ՀՀ նախագահը կը կարծէ, որ խորհրդարանական վերահսկողութիւնը շատ արդիւնաւէտ կառավարման ձեւ է համակարգերու եւ կառոյցներու համար, որոնք ունին իրաւունքներ եւ պատասխանատուութիւն ։






