Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

«Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար» Շարժումին Միացաւ Նաեւ Ուֆայի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցը

ՌԴ Ուֆա քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: «Հայերն այսօր»ը կը  ներկայացնէ աշակերտներու խմբակային լուսանկարները:

Նշենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խոշորագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ` Պաշկորտոստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ուֆայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը կը գործէ 2001 թուականէն: Պաշկորտոստանի մէջ նաեւ կայ  հայկական ազգամշակութային կեդրոն` «Սեւան» անունով: Հայկական համայնքը մշտապէս կը մասնակցի Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, կ’արձագանգէ նախարարութեան կողմէն հնչեցուած համահայկական կոչերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին