Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Ալմելոյի Հայ Համայնքը Արձագանգած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Կոչին

Նոյեմբեր 13ին Ալմելոյի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, ուր պիտի ներկայացուի Ալմելոյի հայ համայնքին կողմէ նախաձեռնուած  «Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին» արշաւին գործողութիւններուն մասին: Սոյն ձեռնարկը իր բնոյթով իւրովի արձագանգ է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» Սփիւռքի նախարարութեան կոչին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հոլանտայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկի ընթացքին պիտի ներկայացուին հոլանտահայերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնները:

Այդ օրը պիտի  նշուի նաեւ երկու յոբելեան: Տեսանիւթերու միջոցով մասնակիցները պիտի ծանօթանան Հոլանտայի Ալմելօ, Ասսէն, Առնհեմ եւ Մաստրիխտ քաղաքներու եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մաշտոցի 5 ամեայ աշխատանքային գործունէութեան:

Միւս յոբելեարը Մանուկ Մկրտչեանն է: Արդէն 10 տարի ան մեծ սիրով ու ստեղծագործական աւիւնով կը ղեկավարէ Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը: Դպրոցի այսօրուան յաջողութիւններուն համար մեծ է Մանուկ Մկրտչեանի աւանդն ու  ներդրումը մատաղ սերունդի կրթութեան ու հայեցի դաստիարակման գործին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին