ՌԴ Ուֆա քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները միացած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան: «Հայերն այսօր»ը կը ներկայացնէ աշակերտներու խմբակային լուսանկարները:
Նշենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խոշորագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ` Պաշկորտոստանի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ուֆայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը կը գործէ 2001 թուականէն: Պաշկորտոստանի մէջ նաեւ կայ հայկական ազգամշակութային կեդրոն` «Սեւան» անունով: Հայկական համայնքը մշտապէս կը մասնակցի Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, կ’արձագանգէ նախարարութեան կողմէն հնչեցուած համահայկական կոչերուն:






