Նոյեմբեր 13ին Ալմելոյի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, ուր պիտի ներկայացուի Ալմելոյի հայ համայնքին կողմէ նախաձեռնուած «Աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղին» արշաւին գործողութիւններուն մասին: Սոյն ձեռնարկը իր բնոյթով իւրովի արձագանգ է «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» Սփիւռքի նախարարութեան կոչին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հոլանտայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկի ընթացքին պիտի ներկայացուին հոլանտահայերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն ցուցաբերուած աջակցութիւնները:
Այդ օրը պիտի նշուի նաեւ երկու յոբելեան: Տեսանիւթերու միջոցով մասնակիցները պիտի ծանօթանան Հոլանտայի Ալմելօ, Ասսէն, Առնհեմ եւ Մաստրիխտ քաղաքներու եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մաշտոցի 5 ամեայ աշխատանքային գործունէութեան:
Միւս յոբելեարը Մանուկ Մկրտչեանն է: Արդէն 10 տարի ան մեծ սիրով ու ստեղծագործական աւիւնով կը ղեկավարէ Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը: Դպրոցի այսօրուան յաջողութիւններուն համար մեծ է Մանուկ Մկրտչեանի աւանդն ու ներդրումը մատաղ սերունդի կրթութեան ու հայեցի դաստիարակման գործին մէջ:






