Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Բնակչութեան 37%-ը Փտածութիւնը Դասած է Երկրի Հիմնական Երեք Խնդիրներու Շարքին. Զեկոյց

«Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ» (Transparency International) միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Աշխարհի փտածութեան ցուցանիշը» զեկոյցը, որու համաձայն Եւրոպայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա փտածութեան ամենալուրջ խնդիրները ունին Հայաստանը, Ռուսիան, Ուքրանիան, Մոլտովան, Լիթվան, Սերպիան ու Պոսնիա եւ Հերցեկովինան:

Այս պետութիւններու քաղաքացիները ամենավատ գնահատականները տուած են իրենց երկիրներու փտածութեան մակարդակին: Անոնք, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ, կը նշեն խորհրդարանի անդամներուն բարձր աստիճանի կաշառակեր ըլլալը, երկրին մէջ կաշառակերութեան բարձր մակարդակը, իսկ փտածութեան դէմ պայքարին, հակափտածութեան գործողութիւններուն մէջ` թոյլ պայքարը եւ քաղաքացիական բացասական միջավայրը:

«Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ»ը Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ 42 երկիրներու մէջ խօսած է 60 հազար մարդու հետ:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը հաղորդէ, որ տարբեր աղիւսակներով տուեալներ բերուած են: Ըստ ատոնց` Հայաստանի մէջ 37 տոկոսը փտածութիւնը դասած է երկրի հիմնական երեք խնդիրներու շարքին, 42 տոկոսը ամենակաշառակերներու շարքին դասած է խորհրդարանի պատգամաւորները: Հայաստանցիներուն 65 տոկոսը կը գտնէ, որ կառավարութիւնը, իշխանութիւնը վատ կը պայքարին փտածութեան դէմ, 24 տոկոսին կարծիքով` Հայաստանի մէջ տարածուած է կաշառակերութիւնը:

Հայաստանի մէջ ցած տոկոս կը կազմեն կաշառակերութեան մասին յայտնողները` ընդամէնը 10էն 1ը: Նոյն ցուցանիշն է Ազրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Յունաստանի, Լիթվայի եւ Լաթվիոյ մէջ:

Ուսումնասիրութեան մէջ նշուած է, որ կաշառակերութիւնը դեռ շատ տարածուած  է յատկապէս ԱՊՀ երկիրներուն մէջ: Հանրային ծառայութիւններէն օգտուողներուն մէկ երրորդը կամ շուրջ 30 տոկոսը անցեալ մէկ տարուայ ընթացքին կաշառք տուած է: ԱՊՀ անդամ երկիրներուն մէջ կը համարեն, որ ամենամեծ կաշառակերները ճանապարհային ոստիկաններն են, պաշտօնական փաստաթուղթեր տուող պաշտօնեաները, դատարանները, կրթութեան եւ առողջապահութեան համակարգերը` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, գործազրկութեան կամ այլ կարգի նպաստներ ձեւակերպող պաշտօնեաները:

Իսկ ընդհանուր տուեալներով` Եւրոպայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա 3 քաղաքացիէն 1ը կը կարծէ` փտածութիւնը իր երկրի ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է, 53 տոկոսին կարծիքով` իշխանութիւնները անբաւարար կը պայքարին փտածութեան դէմ, 23 տոկոսի կարծիքով` այդ պայքարը բաւարար է, 3էն 1ը կը գտնէ, որ ամենակաշառակերը կամ ամբողջովին կաշառուածները խորհրդարանի պատգամաւորներն ու կառավարութեան անդամներն են, 22-27 տոկոսը ամենակաշառակերը կը համարեն նաեւ գործարար ղեկավարները, տեղական իշխանութիւնները, նախագահի կամ վարչապետի վարչակազմի աշխատակիցները, հարկային, մաքսային աշխատողները, ոստիկաններուն 5էն 3ի կարծիքով` մեծահարուստները չափէն դուրս շատ եւ անհարկի ազդեցութիւն կ՛ունենան իշխանութիւններու որոշումներուն վրայ:

Փտածութեան, կաշառակերութեան մասին չյայտնելու հիմնական պատճառներէն մէկը վրէժխնդրութենէ վախն է` մօտաւորապէս մէկ երրորդը կամ 30 տոկոսը կը վախնան հետեւանքներէն, նշուած է «Թրանսփարընսի Ինթերնէյշնըլ»ի զեկոյցին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին