*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Անհաւատալի, Բայց՝ Իրաւ . . .
Այս խորագրին տակ՝ պիտի ներկայացնեմ իրական կեանքէ առնուած երկու դրուագ, որոնք վստահ եմ պիտի ապշեցնեն ձեզ։
Առաջին՝ ամուսնական անհաւասարակշիռ եւ զզուելի երեւոյթ մը։
Մենք գիտէինք, որ Միջին Արեւելեան երկիրներուն մէջ, ձեւով մը սովորութիւն դարձած էր, որ այր մարդ մը երբ ամուսնանալու ըլլար՝ կ’ընտրէր իրմէ նուազագոյնը գոնէ տասը տարեկան պզտիկ կին մը։
Ամերիկայի մէջ, սակայն, ամուսնացեալ զոյգեր գրեթէ տարեկից կ’ըլլան։ Բացառութիւններ անշուշտ միշտ ալ կը պատահին եւ անոնք ընդհանրապէս կը կրեն նիւթական ապահովութեան բնոյթ, այսինքն, եթէ այր մարդը տարիքով մեծ է, սակայն՝ հարուստ, աղքատ աղջկան հոգը չ’ըլլար։ Այս պարագային, անոնք կը կոչուին «sugar daddy»:
Ուրեմն, գալով մեր պատմութեան, Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ 68 տարեկան մեծահարուստ այր մը կ’ամուսնանայ 24 տարեկան երիտասարդ եւ գեղեցիկ պարմանուհիի մը հետ (տես նկարը)։ Սա մարդուն երրորդ ամուսնութիւնն է եւ իր կինը գտած է համացանցի (website) միջոցով։
Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ, ի բաց առեալ տարիքի բերումով անհաւասարակշիռ ամուսնութեան մը։ Սակայն ո՞ւր է ասոր զզուելի երեւոյթը, ինչպէս որակեցի վերոյիշեալ խորագրին տակ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ մարմնամասնօրէն։
Ամուսնութենէն երեք ամիս վերջ, երբ մեր նորապսակ հարսը փեսային հին նկարները կը դիտէր, յանկարծ անոնց մէջ կը նշմարէ իր հօր նկարը։ Հետաքրքրուած երբ ամուսնոյն կը հարցնէ, թէ ուրկէ՞ կը ճանչնայ իր հայրը, ան կը պատասխանէ, որ ան իր առաջին ամունութենէն ծնած մանչ զաւակն է. . . Ուրեմն՝ աղջիկը ամուսնացած է իր հարազատ մեծ հօր հետ։ Ասկէ աւելի տհաճ երեւոյթ միթէ գոյութիւն ունի՞, դո՛ւք ըսէք!
Դեռ աւելին, մարդը, որ պիտի չամուսնալուծուի իր նոր կնոջմէն։ Հիմա անհրաժեշտ բացատրութիւն մը, թէ ինչպէս պատահած է այս տհաճ երեւոյթը, տեղին է կարծեմ։
Ի յայտ կու գայ, որ մարդը իր առաջին կնոջմէն ամուսնալուծուելէն ետք իր բոլոր կապերը խզած է տիկնոջ եւ զաւակներուն հետ։ Հետեւաբար, ան ոչ իսկ տեղեակ է, թէ իր զաւակը ամուսնացած ու ընտանիք կազմած է։ Բայց ինչ ալ ըլլան «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»ի պայմանները, արեան կապը կը մնայ անուրանալի եւ ի վերջոյ՝ անթոյլատրելի ամուսնութիւն մը, մեր աւանդական ըմբռնումով։
Երկրորդ՝ հիւանդանոցներու անտրամաբանական գիները։
Գաղտնիք մը չէ, որ հիւանդանոցները ամերիկայի տարածքին վատահամբաւ են իրենց սակերով։ Բաւ է ըսել, որ եթէ առողջապահական ապահովագրութիւն չունիս եւ կամ եթէ թոշակառու ըլլալով հանդերձ պետութիւնը չի հոգար քու ծախսերդ, սնանկութեան դուռը շուտով ափ կ’առնես . . .
Որպէս օրինակ բաւ է ըսել, որ ցաւին առաջքը առնելու համար՝ տրուած իւրաքանչիւր դեղահատ կ’արժէ նուազագոյնը ութ տոլար։ Կարեւոր է նաեւ նշել, որ վիրաբոյժին եւ կամ այցելու բժիշկին սակերը բոլորովին անկախ են հիւանդանոցին սակերէն։ Այցելու բժիշկին այսօր «ինչպէ՞ս ես, լա՞ւ ես» ը կ’արժէ առ նուազն 75 տոլար։
Ինչ որ է, հիմա գանք մեր բուն նիւթին։ Այս դրուագը կը պատահի Եութա նահանգի Utah Valley հիւանդանոցին մէջ։ Մայր մը գործողութեամբ ծնունդ կու տայ իր զաւկին, իսկ հայրը՝ զաւակը ձեռքերուն մէջ բռնելուն համար (տես նկարը)՝ կը վճարէ 39.35 տոլար։ Է՜հ այս լսուած բա՞ն է։
Սակայն, երբ նկարն ու տրուած գումարին պատմութիւնը ֆէյսպուքի (facebook) վրայով համատարած արձագանգ գտաւ, հիւանդանոցի պատկան մարմինները հրապարակ իջան ինքզինքնին արդարացնող յայտարարութեամբ:
Անոնք կը պնդէին, թէ վճարուած գումարը հօրը զաւկին շալկելուն համար չէ, այլ հոն գտնուող բուժքոյրին վարձատրութիւնն է։ Աւելին՝ անոնք դիտել տուին, թէ բուժքրոջ ներկայութիւնը նախազգուշական անհրաժեշտ միջոց մըն էր, որպէսզի նորածին երեխան որեւէ հիւանդութեամբ չվարակուէր… Այս ծիծաղելի բացատրութեամբ՝ միայն միամիտները կրնան համոզուիլ, չէ՞ք խորհիր!







