Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Մեր Ուժերը Գերլարենք Ապահովելու Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչողականութիւնը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան կարեւոր մէկ մասնիկն է, անոր ազգային գիտակցութեան բաղկացուցիչ տարրը եւ հայ մարդուն հոգեվիճակին առանցքային կէտերէն մին: Անոր ուղղութեամբ արդարութեան հաստատումը հայուն սրբազան պահանջքն է, որ անժամանցելի է ու անքննարկելի:

Հակառակ վերոյիշեալ այս անխախտ համոզումիս Ամերիկայի իւրաքանչիւր ընտրելի կամ ընտրուած նախագահէն այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն կորզելու հայկական մոլուցքը շատ յաճախ անբացատրելի է ինծի համար, մինչ այդ յայտարարութեան գերկարեւորութիւնը՝ անհասկնալի…:

Ինծի համար Ամերիկայի նման ժողովրդավար գերհզօր պետութեան մը ժողովուրդներու ինքնորոշման մարդկային իրաւունքի հիման վրայ Արցախի անկախ պետութեան ճանաչողութիւնը նոյնքան կարեւոր է այսօր:

Չեմ հասկնար ինչո՞ւ մենք նոյն հաստատակամութեամբ եւ հետապնդումի լոպիինկի կամ այլ մեքանիզմով չենք հետապնդեր զայն: Ինչո՞ւ ան մեր ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութեան աժանտային մէջ ձեւով մը երկրորդ դիրք կը գրաւէ:

Մտածենք ասոր մասին, սիրելիներ: Մեր առօրեային մէջ որքան կը խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին, եկէք խօսինք նաեւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասինք: Որքան կը պահանջենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչողութիւնը, այնքան պահանջենք նաեւ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Հոն ժողովուրդ մը կ’ապրի, սիրելիներ: Ճակատը պահպանող մատաղ հոգիներ: Եկէք նոյն հաստատակամութեամբ եւ հետապնդումի ճամբաներով Սփիւռքի մէջ ունեցած մեր կարելիութիւնները, բարեկամութիւնները եւ քաղաքական ուժը նոյն ուժգնութեամբ տրամադրենք նաեւ Արցախի դատին՝ մեր ապրած երկիրներէն պահանջելով անոր անկախութեան անյապաղ ճանաչողականութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին