ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն ներս ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն աւանդութիւն դարձած է Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի յիշատակումը, որ հայ ժողովուրդի ազգային եւ եկեղեցական տօներէն մէկն է եւ կը խորհրդանշէ հայոց գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ դպրութեան սկիզբը:
Արդարեւ, Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբերին վարժարանիս հայերէն լեզուի դասատու՝ Տիկին Մարալ Քէհեայեանի առաջնորդութեամբ կազմակերպուեցաւ ատենամարզանք մը նուիրուած Թարգմանչաց Տօնին:
Յայտագիրին բացումը կատարեց տիկին Քէհեայեան, որ հակիրճ փոխանցեց Թարգմանչաց խորհուրդը եւ աւելցուց, թէ այս տօնը Հայաստանի մէջ որպէս պետական տօն սահմանուած է 2001էն ի վեր, եւ նուիրուած հայ գիրերու գիւտին: Վաղ միջնադարուն, հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին առաջին թարգմանիչները դասած է եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին: Տիկին Քէհեայեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց նաեւ Երեւանի, Գառնիի եւ այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած շքեղ տօնախմբութիւններուն մասին, որմէ ետք սոյն տօնին առիթով լաւագոյն թարգմանիչներուն (հայ թէ օտար) շնորհուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան Եղիցէ Չարենցի անուան մրցանակ:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացան առաջին դասարանի աշակերտները եւ իրենց անդրանիկ մասնակցութիւնը բերին նախակրթարանի ատենամարզաքներուն՝ ներկայացնելով գեղեցիկ պար մը: Աղջիկները կարմիր հագուստներով եւ գլխու զարդերով դարձած էին մէկական վարդեր, որոնց շուրջ կը դառնային տղաքը նոյնքան վայելուչ:
Ապա Ե. Կարգի աղջիկները երգեցին «Մայրենի լեզու » երգը:
Կարգը հասաւ Զ. դասարանի աշակերտներուն, որոնք բեմ բարձրացան ներկայացնելու Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդը» արձակ բանաստեղծութիւնը, որպէս կիսաթատրոն ներկայացում:
Դարերու խորքէն, պատերազմներէն աւերուած ճամբաներով՝ հուրի եւ սուրի մէջէն, դէպի մեզ կու գայ յոգնած, վիրաւոր, բայց յամառ ու տոկուն ճամբորդ մը: Ներս կու գայ ծերունին (Շիրազ Տեմիրճեան) եւ կը հարցնէ . «Ո՞վքեր էք դուք ճամբորդներ»: Առաջին ճամբորդը կը պատասխանէ. «Ես այն եմ, որ միշտ մահուան մէջ ապրած է, բայց մահ չունի …»:
Ո՞րն է ձեր երկիրը ճամբորդներ, կը հարցնէ ծերունին: Երկրորդ ճամբորդը կ’ըսէ . «Բիբլիական Արարատ լերան ստորոտը »: Ծերունին դարձեալ կը հարցնէ . «Ո՞ւրկէ կու գաք դուք ճամբորդներ»: Երրորդ ճամբորդը կ’ըսէ «Նայիրի երկրէն կու գամ », չորրորդը՝ Տիգրանակերտէն, հինգերորդը՝ Աւարայրէն կու գամ, վեցերորդ ճամորդը կ՚ըսէ . «Սասնոյ բարձրիկ լեռներէն, Վաղարշապատէն, Անիէն Դուինէն», եօթներորդ ճամբորդը կ’ըսէ .«Սիւնիքի լեռներէն, Տէր Զօրէն, Մեսքենէէն եւ Ռաս էլ Այնէն, ուր զիս խոշտանգեցին, բայց ես չմեռայ եւ վերստին յարութիւն առի …» եւ շարունակելով ութերորդ ճամբորդը կ՚ըսէ .«Ես Մուշէն Շապին Գարահիսարէն, Հաճընէն ու Մուսա լերան կատարէն կու գամ»: Իններորդ ճամբորդը կ’ըսէ. « Սարդարապատէն, Արագածի լանջերէն, Բիւրականէն, Երեւանէն կու գամ »:
Ի՞նչ է քու անունդ ճամբորդ , կը հարցնէ ծերունին: Տասներորդ ճամբորդը կ’ըսէ . «Բայց միթէ՞ մէկ անուն ունիմ ես, Հայկ է իմ անունս, Արա, Տիգրան Մեծ »: «Ես Մեսրոպ Մաշտոցն եմ , ձեզի երեսուն վեց տառ կը կտակեմ եւ յամառ ժողովուրդ մը ու երկիր մը, որուն մահ չկայ՝ այնքան ատեն, որ ան կը հեգէ այդ տառերը …» Վերջին ճամբորդը կ’ըսէ . «Այն թափառական պանդուխտն եմ ես, այն աշակերտն եմ, որուն հազար վեց հարիւր տասը տարի ճամբորդելէ ետք , հասած են Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած տառերը»:
«Բայց վերջապէս, ո՞վքեր էք դուք, ճամբորդներ» կը հարցնէ ծերունին, եւ բոլորը միաբերան կը պատասխանեն. «Մենք Հայաստանը կը կազմենք: Յաւերժի ճամբորդը Հայաստանն է, որ դարերու խորքէն եկած, դէպի դարեր կ’երթայ եւ որու երթը վերջ ու վախճան չունի, այնքան ատեն, որ դեռ գէթ մէկ հայ կ’ապրի այս հողագնդի վրայ …:
Բացառիկ ներկայացում մըն էր, իւրաքանչիւր աշակերտ իր ոճով,համարձակ եւ անսխալ ներկայացումով տպաւորեց ներկաները: Ուշագրաւ էր անոնց հագած տարազները, մենք բեմին վրայ տեսանք մշեցին, սասունցին, տիգրանակերտցին, իրենց հարազատ տարազներով: Ներկայացման ընթացքին մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան նկարներ եւ շարժապատկերներ:
Յայտագիրի վերջին բաժինով ցուցադրուեցաւ CNN հեռուստակայանի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը Հայաստանի եւ հայութեան մասին:
Աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհին՝ տիկին Մարալ Պալեօզեան շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց յատկապէս վեցերորդ դասարանի աշակերտները, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Մարալին այս հոյակապ յայտագիրին համար: