Հայաստանի մէջ սկիզբը դրուեցաւ 10րդ «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»-ուան, Երեւանի ՆԱԹՕ-ի Տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու մասին կեդրոնին մէջ խօսած են ՀՀ ԱԳՆ Սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գագիկ Յովհաննիսեանը, ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետի տեղակալ Մհեր Իսրայէլեանը, Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի փոխգործակցութեան գրասենեակի ղեկավար Ուիլիըմ Լահիւն եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը:
Ուիլիըմ Լահիւն ըսած է, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ, քանի որ կը բխի երկու կողմերու շահերէն: Ան տեղեկացուցած է, որ նախորդ շաբաթ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայան այցելած է հայկական պատուիրակութեան հետ, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Սուրիոյ ճգնաժամը:
«Մենք գիտենք, որ Հայաստան մօտ 20 հազար փախստական ընդունած է Սուրիայէն վերջին տարիներու ընթացքին: Տեղեակ ենք նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս, Հալէպի, բաւական թիւով հայեր կը մնան, եւ Հայաստանի մէջ անհանգստացած են անոնց ճակատագիրով», – ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան:
Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը յայտնած է, որ «ՆԱԹՕ-ի Շաբաթ»-ը կարեւոր իրադարձութիւն է», «քանի որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ հայ հասարակութեան ներկայացնելու ՆԱԹՕ-ի գերազանց համագործակցութիւնը, որուն մասին ոչ բոլոը տեղեակ են»:
Գագիկ Յովհաննիսեանը եւ Մհեր Իսրայէլեանը ներկայացուցած են Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ ընթացիկ ծրագիրները` ընդգծելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է զարգացնելու գործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ոլորտներու մէջ:






