Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայաստանն Ու ՆԱԹՕն Քննարկած Են Հալէպահայերու Խնդիրը

Հայաստանի մէջ սկիզբը դրուեցաւ 10րդ «ՆԱԹՕ-ի շաբաթ»-ուան, Երեւանի ՆԱԹՕ-ի Տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու մասին կեդրոնին մէջ խօսած են ՀՀ ԱԳՆ Սպառազինութիւններու վերահսկման եւ միջազգային անվտանգութեան վարչութեան պետ Գագիկ Յովհաննիսեանը, ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետի տեղակալ Մհեր Իսրայէլեանը, Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի փոխգործակցութեան գրասենեակի ղեկավար Ուիլիըմ Լահիւն եւ Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը:

Ուիլիըմ Լահիւն ըսած է, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ գործընկերութիւնը հիմնուած է ամուր հիմքերու վրայ, քանի որ կը բխի երկու կողմերու շահերէն:  Ան տեղեկացուցած է, որ նախորդ շաբաթ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայան այցելած է հայկական պատուիրակութեան հետ, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկած են Սուրիոյ ճգնաժամը:

«Մենք գիտենք, որ Հայաստան մօտ 20 հազար փախստական ընդունած է Սուրիայէն վերջին տարիներու ընթացքին: Տեղեակ ենք նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս, Հալէպի, բաւական թիւով հայեր կը մնան, եւ Հայաստանի մէջ անհանգստացած են անոնց ճակատագիրով», – ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան:

Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը յայտնած է, որ «ՆԱԹՕ-ի Շաբաթ»-ը կարեւոր իրադարձութիւն է», «քանի որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ հայ հասարակութեան ներկայացնելու ՆԱԹՕ-ի գերազանց համագործակցութիւնը, որուն մասին ոչ բոլոը տեղեակ են»:

Գագիկ Յովհաննիսեանը եւ Մհեր Իսրայէլեանը ներկայացուցած են Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ ընթացիկ ծրագիրները` ընդգծելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է զարգացնելու գործակցութիւնը Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ոլորտներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին