Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Մամուլը Որքան Օգտակար Այնքան Վտանգաւոր Միջոց

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մարդկային միտքին վրայ մամուլին ազդեցութիւնը աներեւակայելիօրէն ահեղ է: Հետեւաբար նաեւ պատասխանատուութիւնը մեծ է ընթերցող հասարակութիւնը ճիշդ առաջնորդելու գործին մէջ:

Որքան անոր դրական օգտագործումը  շահեկան է մարդուն միտքը զարգացնելու ծիրին մէջ, նոյնքան վտանգաւոր է անոր օգտագործումը մարդուն միտքը ու աշխարհայեացքը սխալ ուղղութեամբ առաջնորդելու կամ կողմնորոշելու:

Ամերիկեան ընտրութիւններու նախօրէին, անոր արդիւնքներուն նկատմամբ միջազգային մամուլին ստեղծած  մթնոլորտը ու անոր հակասական արդիւնքը օրինակ մըն է մարդոց միտքին ու ակնկալութիւններուն վրայ մամուլի ունեցած ազդեցութեան: Մամուլի ազդեցութեամբ համայն մարդկութիւնը ներառեալ թեկնածուները թերեւս ընտրութեան օրը եւ անկէ քանի մը ժամ ետք, օրը անցուցին  ու ոմանք անկողին մտան այն ակնկալութեամբ, որ Քլինթըն ինքն է, որ պիտի շահի ընտրութիւնները…: Արդիւնքը հակառակն էր…:

Այս օրինակով ի՞նչ կը փորձեմ ըսել, սիրելի ընթերցող: Ըսել կ’ուզեմ, որ ինչպէս ամերիկեան ընտրութիւններու պարագային մեր քաղաքական թէ այլ հարցերու շուրջ գիտակցութեան աղբիւրը մամուլն է ընդհանրապէս: Մենք օրն ի բուն կ’ընկալենք այն ինչ, որ կը հրամցուի մեզի: Ատենին օրուան որոշ ժամերուն էր, որ լուր կը ստանայինք: Հիմա ամէն վայրկեան…: Եկուր վերի օրինակով պահ մը մտածենք, որ որքա՞ն է հաւանականութիւնը զանազան հարցերու շուրջ սխալ լուրերով սխալ կողմնորոշուելու: Հաւանականութիւնը մեծ է, չէ՞: Եկուր պահ մըն ալ ընդունինք, որ մեր գրեթէ բոլոր կողմնորոշումներն ու աշխարհայեացքը հիմնուած են մամլոյ լուրերուն վրայ, որոնք կրնան միշտ ալ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել մեզ՝ դարձեալ վերի օրինակին վրայ հիմնուելով…: Եզրակացութիւնը մտահոգիչ է, չէ՞: Հապա եթէ պահ մը անդրադառնանք, որ միջազգային մամուլը սեփականութիւնն է քանի մը մեծ հաստատութիւններու ու կը ծառայէ անոնց շահերուն, մեր վիճակը աներեւակայելիօրէն մտահոգիչ կը դառնայ, սիրելիս…:

Մտածե՛նք ասոր մասին:

Վաղը կը տեսնուինք:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին