Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հակառակորդը Շարունակեց Ռմբակոծել Հայկական Դիրքերը

Շաբաթավերջին Արցախի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ տակաւին չպարզուած պայմաններով մահացաւ զինուոր Վարդան Առաքելեանը: Ան ծնած էր 1995 թուականին: Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն: Երէկ արեւածագին հակառակորդը շարունակեց ռմբակոծել հայկական սահմանային մարտական դիրքերը, գործածելով 26 ռումբեր: Հայկական կողմը պատասխան գործողութիւններով զսպած է հակառակորդի աշխուժութիւնը: Իսկ Արցախի պաշտպանութեան բանակի տեղեատուութեան բաժնի պետ գնդապետ Սենոր Հասրաթեան հերքեց այն իրողութիւնը, թէ հայկական կողմը խախտած էր զինադադարի կանոնները եւ հրասանդներ արձակած էր ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Եթէ հակառակորդը շահագրգռուած է շփման գիծին վրայ նման միջադէպերու բացառումով, ապա թող համաձայն գտնուի զինադադարի դիտարկման եւ խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմներուն», ըսաւ Հասրաթեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին