*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մարդկային միտքին վրայ մամուլին ազդեցութիւնը աներեւակայելիօրէն ահեղ է: Հետեւաբար նաեւ պատասխանատուութիւնը մեծ է ընթերցող հասարակութիւնը ճիշդ առաջնորդելու գործին մէջ:
Որքան անոր դրական օգտագործումը շահեկան է մարդուն միտքը զարգացնելու ծիրին մէջ, նոյնքան վտանգաւոր է անոր օգտագործումը մարդուն միտքը ու աշխարհայեացքը սխալ ուղղութեամբ առաջնորդելու կամ կողմնորոշելու:
Ամերիկեան ընտրութիւններու նախօրէին, անոր արդիւնքներուն նկատմամբ միջազգային մամուլին ստեղծած մթնոլորտը ու անոր հակասական արդիւնքը օրինակ մըն է մարդոց միտքին ու ակնկալութիւններուն վրայ մամուլի ունեցած ազդեցութեան: Մամուլի ազդեցութեամբ համայն մարդկութիւնը ներառեալ թեկնածուները թերեւս ընտրութեան օրը եւ անկէ քանի մը ժամ ետք, օրը անցուցին ու ոմանք անկողին մտան այն ակնկալութեամբ, որ Քլինթըն ինքն է, որ պիտի շահի ընտրութիւնները…: Արդիւնքը հակառակն էր…:
Այս օրինակով ի՞նչ կը փորձեմ ըսել, սիրելի ընթերցող: Ըսել կ’ուզեմ, որ ինչպէս ամերիկեան ընտրութիւններու պարագային մեր քաղաքական թէ այլ հարցերու շուրջ գիտակցութեան աղբիւրը մամուլն է ընդհանրապէս: Մենք օրն ի բուն կ’ընկալենք այն ինչ, որ կը հրամցուի մեզի: Ատենին օրուան որոշ ժամերուն էր, որ լուր կը ստանայինք: Հիմա ամէն վայրկեան…: Եկուր վերի օրինակով պահ մը մտածենք, որ որքա՞ն է հաւանականութիւնը զանազան հարցերու շուրջ սխալ լուրերով սխալ կողմնորոշուելու: Հաւանականութիւնը մեծ է, չէ՞: Եկուր պահ մըն ալ ընդունինք, որ մեր գրեթէ բոլոր կողմնորոշումներն ու աշխարհայեացքը հիմնուած են մամլոյ լուրերուն վրայ, որոնք կրնան միշտ ալ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել մեզ՝ դարձեալ վերի օրինակին վրայ հիմնուելով…: Եզրակացութիւնը մտահոգիչ է, չէ՞: Հապա եթէ պահ մը անդրադառնանք, որ միջազգային մամուլը սեփականութիւնն է քանի մը մեծ հաստատութիւններու ու կը ծառայէ անոնց շահերուն, մեր վիճակը աներեւակայելիօրէն մտահոգիչ կը դառնայ, սիրելիս…:
Մտածե՛նք ասոր մասին:
Վաղը կը տեսնուինք:






