Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւային համալիրէն հնագէտները 6,5 հազար տարուան վաղեմութիւն ունեցող ատամ մը պեղած են:
Լեռնային Ղարաբաղի Քարինտակ գիւղի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւային համալիրին մէջ իրականացուած պեղումները բաւական արժէքաւոր արդիւնքներու հասած են: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այդ քարանձաւի մակերեսային շերտերը 50-60 տարուան վաղեմութիւն ունին, իսկ ատիկա այն ժամանակաշրջանն է, երբ ժամանակակից մարդը ապրած է նէանդերթալեան մարդու հետ: Ք.ա. Ա.ին դարէն մինչեւ Ք.ե. Ա.ին դարը քարանձաւը հեթանոսական պաշտամունքի վայր եղած է: Արշաւախումբի ղեկավար, կենսաբանական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Եպիսկոպոսեանը “Armenpress”ին յայնտած է, որ քարանձաւի այս տարուան պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած գտածոներու 95-98 տոկոսը կենդանիներու մնացորդներ են:
«Ամենահետաքրիր գտածոն մարդու ազդոսկրի մի մասնիկն էր, որը դեռ սպասում է իր խորը ուսումնասիրմանը, քանի որ շատ վատ է պահպանուած, բայց յոյսով ենք, որ որոշակի գենետիկական նիւթ կը գտնենք այդ գտածոյից»,-ըսած է ան:
Եպիսկոպոսեանի խօսքով` 2015 թուականի պեղումներու արդիւնքով այդ նոյն քարանձաւէն հնագէտները յայտնաբերած են մարդու ատամ, որ պատկանած է էնէոլիթի ժամանակաշրջանին: «Հետազօտութիւնների արդիւնքում պարզեցինք, որ ատամը 6,5 հազար տարուան վաղեմութիւն ունի եւ պատկանել է մեր նախնիներին: Այս գտածոն եւս մէկ անգամ վկայում է ժառանգական անընդհատութեան փաստի մասին»,-ըսած է արշաւախումբի ղեկավարը, աւելցնելով, որ Ալեքսանա Ղուզէն այն բացառիկ քարանձաւային համալիրներէն է, ուր, կապուած եղանակային բարենպաստ պայմաններուն հետ, կենսաբանօրէն բաւական լաւ պահպանուած են գտածոները:
Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւին մէջ պեղումները սկսած են Օգոստոս 1ին եւ աւարտած օգոստոս 15ին: Այնտեղ աշխատած է հայ-լեհական արշաւախումբը:
Արշաւախումբը ապագային պիտի համալրուի նոր մասնագէտներով, որպէսզի կատարուին համապարփակ ուսումնասիրութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան վերականգնելու քարանձաւային համալիրի բնակիչներու կենցաղին վերաբերող մանրամասնութիւններ, յստակեցնելու տարածքի բնապատկերը, եւ այլն: