Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Քալիֆորնիոյ Մէջ Հայ Ուսանողները Տապալած են Աթաթուրքի Մասին Դասախօսութիւնը

Նորթրիճի Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի հայ ուսանողները տապալած են նախապէս ծրագրուած դասախօսութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մասին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ համալսարանի պաշտօնական կայքը:

Դասախօսութիւնը Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ Նոյեմբեր 9-­13 «Աթաթուրքի շաբաթուան» նուիրուած ձեռնարկներէն մէկն էր: Գիտնական Ճորճ Գաուրիչը դասախօսութեան մեկնարկէն ետք չէ հասցուցած արտաբերել աւելի քան հինգ նախադասութիւն Մուստաֆա Քեմալի մասին իր «Երիտասարդ Աթաթուրքը. Օսմանեան զինուորէն մինչեւ Թուրքիոյ ղեկավար» գիրքին վերաբերեալ, երբ ուսանողները ոտքի կանգնած են եւ կռնակ դարձուցած են դասախօսին: Ուսանողները բարձրաձայն ըսած են. «Թուրքիան մեղաւոր է Ցեղասպանութեան համար», «Ցեղասպանութեան հերքող»:

Գաուրիչը ետ ու առաջ գացած է ուսանողներուն մէջէն` փորձելով ուսանողներուն հայեացքները իր վրայ ուղղել: Արդիւնքով ոստիկանութեան աշխատողները ուսանողներու բարձրաձայն կանչերուն տակ դուրս բերած են դասախօսը սրահէն:

«Մեր ուղերձը հետեւեալն էր` դադրեցուցէք ցեղասպանութեան ժխտումը, որ միլիոնաւոր կեանքեր խլած է: Այս մարդը եկած է այստեղ եւ կը պնդէ, թէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած, ինչ որ կատարեալ սուտ է»,­ – նշած է բողոքարարներէն մէկը` Էրիկ Բադիւեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին