Ամէնէն անառողջ խոհանոցներու վարկանիշով հայկական խոհանոցը առաջին տեղը կը գրաւէ: Ըստ News.amի՝ Steak Lovers պարբերականի կազմած ցանկին մէջ ընդամէնը 9 երկիր ներառուած է, որոնց խոհանոցները, հեղինակներու խօսքով, ձեւաւորուած են պատմական ժառանգութեան եւ ժամանակակից իրականութեան ազդեցութեամբ:
1 – Հայաստան
Վարկանիշի հեղինակներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ սննդագիտական ուժեղ զարգացած ընկերային հիմնարկ չկայ, որու հետեւանքով դպրոցականները ճաշարանի մէջ տուրմէ (շոկոլաթ), չիփս եւ ներբերշիկ (հաթ տոկ) կ’ուտեն: Աւելին, երկրին մէջ ամենաշատ վաճառուող մթերքը քաղցրեղէնն է: Սա ժամանակակից հայ մարդու սննդակարգը ծայրայեղ անառողջ կը դարձնէ:
Հարկ է նկատել, սակայն, որ աւանդական հայկական խոհանոցը իրականութեան մէջ ամբողջովին առողջ եւ ճիշդ է. տոլման, ղափաման, սպասը եւ հարիսան օգտակար են առողջութեան համար, բայց խնդիրը այն է, որ ներկայիս վիճակագրական միջին հայու սննդակարգին մէջ ոչ թէ այս ուտեստներն են, այլ արագ սնունդն ու քաղցրաւենիքը:
2 – Հունգարիա
Հունգարները, վարկանիշին համաձայն, ճարպակալման եւ աղի օգտագործման առումով ամենաբարձր ցուցանիշը ունին եւրոպացիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կեանքի տեւողութեան ամենացած ցուցանիշը: Ասիկա հիմք կու տայ ենթադրելու, որ Հունգարիոյ մէջ սննդակարգի հետ կապուած լուրջ խնդիրներ կան:
3 – Պելճիքա
Վարկանիշին համաձայն, անառողջ սնունդը պելճիքական մշակոյթի անքակտելի մասն է, որու հետեւանքով Պելճիքայի մէջ բազմաթիւ մարդիկ աւելորդ կշիռ ունին: Միջին վիճակագրական պելճիքացիի սննդակարգին մէջ են բլիթը (վաֆլի), տապկած գետնախնձորը, գարեջուրը, տուրմը եւ արագ սնունդը:
4 – Չեխիա
Աւանդաբար չեխական սննդակարգը կազմուած է իւղոտ միսէ եւ սօուսերէ, ճարպէ, հացէ, գետնախնձորէ, մանր կարկանդակներէ, նրբերշիկէ, տապկած պանիրէ, խոզի միսէ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ գարեջուրէ: Այդ պատճառով չեխերուն 22%ը կը տառապի ճարպակալումէ:
Չեխիոյ մէջ գրեթէ անհնար է բուսակեր ըլլալ եւ հրաժարիլ ոգելից ըմպելիքէ. միսն ու գարեջուրն աժան են եւ կը վաճառուին հարիւրաւոր տարբերակներով:
5 – Ղազախստան
Միջին վիճակագրական Ղազախի սննդակարգը, ըստ վարկանիշի, կազմուած է հիմնականօրէն իւղոտ միսէ եւ կաթնամթերքէ: Երկրին մէջ արագ սնունդ շատ կ’օգտագործեն, աւելին, արագ սնունդի ցանցերը նաեւ դպրոցներ հասած են. այս խնդիրը կը տարածուի պետական մակարդակով:
6 – Պելառուսիա
Պելառուսը գետնախնձորի սպառման համաշխարհային առաջատարն է: Վարկանիշի հեղինակներուն պնդմամբ` այստեղ շատ կ’օգտագործեն գետնախնձոր, հաց, իւղոտ միս եւ կաթ: Այս երկրին մէջ ճարպակալումը շատ տարածուած է, իսկ առողջ սննդակարգի կանոններուն մասին տեղեկութիւնը բաւական քիչ է:
7 – Արժանթին
Արժանթինի մէջ ճարպակալման եւ աւելորդ կշիռի ամենաբարձր մակարդակն է ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Ազգային խոհանոցը հարուստ է ածխաջրերով եւ կեդրոնացած է սպիտակ հացի, բիցցայի, մագարոնեղէնի, շաքարի եւ կարմիր միսի շուրջ:
8 – Թուրքմենիստան
Թուրքմենիստանի բնակիչներուն սննդակարգը կազմուած է միսէ, սպիտակ հացէ, բրնձէ` բանջարեղէնի եւ միրգերու նուազագոյն քանակութեամբ: Թէեւ երկրի կլիման թոյլ կու տայ թոներով ձմերուկ, նուռ, խաղող, ընկուզեղէն, լոլիկ եւ այլ բանջարեղէն աճեցնել եւ արտահանել, ըստ կայքին, թուրքմէններուն մեծ մասը ատոնք չեն ուտեր:
9 – ԱՄՆ
Ամերիկացիները յայտնի են արագ սնունդի հանդէպ սիրով, բայց ԱՄՆ-ը այս վարկանիշով միայն 9րդ տեղը կը գտնուի: Հարկ է նկատել, սակայն, որ ԱՄՆ-ը ճարպակալման տարածուածութեամբ աշխարհի մէջ առաջատար երկիրներէն է, եւ բնակչութեան միայն փոքր հատուածը կը հետեւի առողջ սննդակարգի: Արագ սնունդի ցանցերը կը թելադրեն դպրոցական սննդակարգը, իսկ քաղցր կազով ըմպելիք արտադրող ընկերութիւնները խոշորագոյն հարկատուներն են:






