Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 89րդ Ընդհանուր Ժողովը Կայացաւ Նիւ Եորքի Մէջ 27-29 Հոկտեմբեր 2016ին Միութեան Հիմնական Առաքելութեան Հաւատարիմ ՝ Հաւաքական Ուժերով Հայ Ազգի Համընդհանրական Բարիքին Համար Գործելու Յանձնառութեամբ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 89րդ Ընդհանուր Ժողովը կայացաւ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, 27-30 Հոկտեմբերին: Ընդհանուր այս ժողովին եւ անոր յարակից ձեռնարկներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահարիւր անդամներ, միութեան Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերէն, պատգամաւորներ, ղեկավարութիւն, բարերարներ, նուիրատուներ եւ բարեկամներ: Անոնց շարքին նկատառելի էր մեծ թիւով արհեստավարժ երիտասարդներու, միջազգային ճանաչումի տիրացած աստղերու եւ Հայաստանի զարգացման ի նպաստ խարսխային ծրագիրներ իրագործող գործարարներու ներկայութիւնը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին խորհրդակցութեանց եւ հեռանկարային քննարկումներուն:

«Համընդհանուր Հայ Ազգ» բնաբանը, որ հիմքը կը կազմէր Ընդհանուր Ժողովին եւ անոր յարակից խորհրդակցական հանդիպումներուն եւ ծրագրային քննարկումներուն,  իր մէջ կը խտացնէ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Հայ Եկեղեցի, մէկ համընդհանուր ազգ հասկացողութիւնը: Նաեւ հայութեան համաշխարհայնական դիրքը եւ կշիռը, որոնք մեծ ներուժ կը կազմեն: Միութեան առաջադրանքն է  համախումբ ճիգերով այդ կարողութիւնները արդիւնաւորութեամբ օգտագործել ի նպաստ հայ ազգի եւ հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճումին, որ բնականաբար կը յանգի նաեւ ազգային ինքնութեան ուժեղացումին:  Այս առթիւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւնները նպատակ ունէին գնահատել իրենց անհատական իրագործումներով հայութեան համաշխարհային վարկը բարձրացնող անհատներ, յատկապէս անոնց օրինակով խանդավառելու եւ գործի մղելու համար երիտասարդ սերունդը: Անոնք նաեւ կը ջնջէին հայրենիք, Արցախ, Սփիւռք սահմանագծումները, Մէկ Համընդհանուր Ազգ գաղափարաբանութեամբ:

Հանգրուանային կարեւորութիւն ներկայացնող 89րդ այս Ընդհանուր Ժողովը նաեւ յատուկ փայլ ստացաւ, անոր զուգահեռ, ՀԲԸՄի հիմնադրութեան 110րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած փառաշուք ձեռնարկներով: Ուրբաթ 27 Հոկտեմբերի երեկոյեան «Հոգիս» գեղարուեստական փայլուն համոյթով,  Նորքի Հայորդեայց Տան պատանիներու եւ Թումոյի երիտասարդներու մասնակցութեամբ, 70 հոգինոց խումբով մը, Նիւ Եորքի Սիթի Սենթր սրահին մէջ, ղեկավարութեամբ Փաթրիք Մալաքեանի, իսկ Շաբաթ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան Կալա շքահանդէսով, Մէնհէթընի կեդրոնը գտնուող «Ճէզ էթ Լինքըլն Սենթըր» գեղատեսիլ դահլիճին մէջ:

 

Զրուցաբերներ՝ համբաւաւոր երգիչ, յօրինող Սերժ Թանքեան,  Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Ոճրադատ Ատեանի պաշտօնատար, իրաւաբան Շիլա Փայլան, արհեստավարժ լրագրող Լարա Սեդրակեան, որ հիմնադիրն է News Deeply լրատուական ծրագիրին եւ Կիորկի Կոկիա, Մարդկային Իրաւանց Հարաւային Կովկասի Տնօրէն, Ուրբաթ օրուան կլոր սեղանի քննարկման ընթացքին: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)
Զրուցաբերներ՝ համբաւաւոր երգիչ, յօրինող Սերժ Թանքեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Ոճրադատ Ատեանի պաշտօնատար, իրաւաբան Շիլա Փայլան, արհեստավարժ լրագրող Լարա Սեդրակեան, որ հիմնադիրն է News Deeply լրատուական ծրագիրին եւ Կիորկի Կոկիա, Մարդկային Իրաւանց Հարաւային Կովկասի Տնօրէն, Ուրբաթ օրուան կլոր սեղանի քննարկման ընթացքին: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)

ՀԲԸՄի 89րդ Ընդհանուր Ժողովը – Շաբաթ 29 Հոկտեմբեր 2016

Ընդհանուր Ժողովը կայացաւ Նիւ Եորքի Հարվըրտ Գլապի սրահին մէջ: Նախքան ատենական ընթացիկ գործընթացը, նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր բացման եւ բարեգալուստի խօսքին մէջ ամփոփեց նախորդ երկու օրերուն տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին կատարուած քննարկումներու ոգին եւ հեռանկարային բնոյթը,  միութեան ազգային ռազմավարութենէն բխող նպատակային կողմնորոշումներով: Ան մատնանշեց միութեան գործունէութեան ընդարձակուող ծիրը, համընդհանուր կարիքներու հասնելու անհրաժեշտութիւնը եւ համապատասխան նիւթական միջոցներ ապահովելու հրամայականը, կոչ ուղղելով միութեան շրջանակներուն իրենց տեղական համայնքային գործունէութիւններուն մէջ նիւթապէս ինքնաբաւ ըլլալ եւ իրենց ծրագիրները վերամշակել համամիութենական հասկացողութեամբ, նախապատուութիւն տալով ազգային ընդհանրական նպատակներու եւ հայրենիքի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու:

Ժողովը ապա վաւերացուց միութեան երկամեայ գործունէութիւններու եւ նիւթական իրավիճակի տեղեկագիրները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կեդրոնական Վարչական ժողովի իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած անդամներու վերընտրութիւնը եւ նոր անդամներու ընտրութիւնը: Կեդրոնական Վարչութեան միացան երկու նոր անդամներ, յանձինս Տեարք Էրիք Իսրայէլեանի եւ Արմէն Սարգիսեանի:

Ընթերցուեցան Ժողովի բանաձեւումները, որոնք վերահաստատեցին Միութեան յանձնառութիւնը, գործելու ի նպաստ  Հայաստանի զարգացման, անոր սերտ գործակցութիւնը եւ աջակցութիւնը Հայ Եկեղեցիին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին, նաեւ գնահատնքը եւ երախտագիտութիւնը հանդէպ իր նուիրատուներուն եւ անդամակցութեան:

Կեդրոնական Վարչական Ժողովի նորընտիր անդամներէն Էրիք Իսրայէլեան, փոխ-ղեկավարն է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի Տէյվիտ Մքէֆըն բժշկագիտական դպրոցի մարսողական հիւանդութեանց մասնագիտութեան բաժնին եւ ատենապետը Լինսի Հիմնարկի ստամոքսային եւ ներքին հիւանդութեանց դարմանական բաժանմունքին: Իսրայէլեան ծանօթ է նաեւ որպէս ֆիլմարտադրիչ եւ համաղեկավարը «Survival Pictures» ընկերութեան, որու միջոցաւ իրականացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող «The Promise» շարժանկարը: Արմէն Սարգիսեան Հիմնադիր Նախագահն է Լոնտոնի Eurasia House International միջազգային կազմակերպութեան, որ խորհրդատուական եւ կազմակերպչական աջակցութիւն կ’ընձեռէ ճարտարարուեստական, քաղաքական եւ բարձրագոյն կրթութեան զարգացման ծրագիրներու եւ համագործակցական նախաձեռնութիւններու, Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մէջ: Ան վարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը 1996-1997 եւ հիմնադիրն է Արեւմուտքի մէջ առաջին հայկական դեսպանատան՝ Լոնտոնի մէջ, 1991ին: Ան մէկէ աւելի անգամներ վարած է Միացեալ Թագաւորութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:

Ընդհանուր ժողովի երկրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ՄԱԿ-ի Հայաստանի լիազօր դեսպան Զօհրապ Մնացականեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ՝ Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

Ընդհնաուր ժողովին ուղղուած իր պատգամին մէջ, նախագահ Պերճ Սեդրակեան ոգեկոչեց միութեան 110 տարիներու յաղթական իրագործումները եւ պարզեց միացեալ ուժերով իրագործելի զօրեղ ապագայի իր տեսլականը: Ան ըսաւ, թէ այսօր, ՀԲԸՄը պատրաստ է կրկին անգամ վստահութեամբ ընդառաջելու համընդհանուր հայ ազգի կարիքներուն, երբ, աւելի քան երբեք, հայութիւնը կը դիմագրաւէ իրեն ներկայացող աննախընթաց պատեհութիւններ եւ միաժամանակ իր դէմ ցցուող լրջագոյն սպառնալիքներ: Հայաստանի տնտեսական խոցելի իրադրութեան, տարածաշրջանային քաղաքական տիրող պայմաններուն եւ Սփիւռքի ընդհանրապէս անհաղորդ վերաբերումին դիմաց, մենք չենք կրնար ձեռնածալ մնալ: Կարելի չէ Հայաստանը եւ Սփիւռքը տեսնել իրարմէ անկախ: Կենսունակ հայրենիք եւ ներգրաւուած գործունեայ Սփիւռք, էապէս իրարմէ կախեալ, մէկ անքակտելի ամբողջութիւն կը կազմեն: Այս իրականութիւններու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է որ ՀԲԸՄը վերաքննէ իր նախապատուութիւնները, որոշելու համար, թէ ուր պէտք է կեդրոնացնէ իր ճիգերը եւ կարելիութիւնները: Ան նաեւ պէտք է յստակացնէ, թէ ինչպէս պիտի գնահատէ իր դերի եւ գործունէութեան արդիւնաւորութիւնը, ի շահ հայ ազգի բարգաւաճման:

ՀՈԳԻՍ գեղարուեստական համոյթին, Նորքի Հայորդեայց տան կրկեսային կատարողները, իրենց համարձակ եւ արհեստավարժ կատարումներով հմայեցին ներկաները յաւելեալ փայլք ապահովելով ելոյթին: (Լուսանկարը Magnanimous-ի կողմէ)
ՀՈԳԻՍ գեղարուեստական համոյթին, Նորքի Հայորդեայց տան կրկեսային կատարողները, իրենց համարձակ եւ արհեստավարժ կատարումներով հմայեցին ներկաները յաւելեալ փայլք ապահովելով ելոյթին: (Լուսանկարը Magnanimous-ի կողմէ)

Նախագահը նաեւ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ ազգային այս նոր  ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ՀԲԸՄը որպէս միաւորող եւ համակարգող կազմակերպութիւն, գործակցական կապեր մշակէ այլ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու հետ, զօրացնելով իր գործօն անդամներու ցանցը, ամրապնդելով իր մարդուժը եւ ընդլայնելով իր կարելիութիւնները: Այս ուղղութեամբ ան պէտք է խորացնէ իր սերտակցութիւնը հայ եկեղեցիին հետ, գործակցական կապեր ստեղծէ ներազգային կազմակերութիւններու հետ: Միջազգային գետնի վրայ նոյնպէս, կարեւոր է որ միութիւնը բազմակողմանի գործակցութիւններ զարգացնէ, ստեղծելու համար  հաւասարակշռուած համակարգ մը, որ կրնայ  ապահովել իր հեռահաս նպատակներու իրագործումը, ի շահ հայ ինքնութեան խթանումին եւ ազգի բարգաւաճումին: Նախագահը շեշտեց, իւրաքանչիւր հայու պարագային համաշխարհայնական ոգիով գործելու անհրաժեշտութիւնը, որ անհատական նեղ ձգտումներէ անդին, համընդհանուր ազգի պատկանելութեան գիտակցութեամբ եւ անոր ի նպաստ գործելու եւ անով զօրաւոր զգալու կը մղէ մեզ, հարստացնելով ազգային մեր ինքնութիւնը:

Իր պատգամէն ետք, նախագահ Պերճ Սեդրակեան գնահատական յուշաքանդակներ յանձնեց, կեդրոնական վարչական ժողովի անդամակցութեան շրջանը աւարտած անդամներ՝ Գարոլ Ասլանեանին, Ժոզէֆ Պասրալեանին եւ Մայքըլ Անսուրին: Միութեան Սան Փաուլոյի մասնաճիւղի  ատենապետ՝ Հէլիօ Պալուքեանին եւ «Քէմփ Նուպար»ի նուիրեալ գործիչներ Պէրի եւ Անտրէա (յանգուցեալ) Հալաճեաններուն: Ինչպէս նաեւ միութեան նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած պաշտօնեաներ՝ Գէորգ Սանթուրեանի եւ Վահէ Քիլճեանի:

(Ձախէն աջ) Տիկին Վերա Սեդրակեան, ՀԲԸՄ-ի նախագան Պերճ Սեդրակեան, վեհափառ Գարեգին Բ., Լարա Սեդրակեան եւ Անի Մանուկեան, ՀԲԸՄ-ի 89րդ Ընդհանուր Ժողովին, Նիւ Եորք, 29 Հոկտեմբեր 2016: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)
(Ձախէն աջ) Տիկին Վերա Սեդրակեան, ՀԲԸՄ-ի նախագան Պերճ Սեդրակեան, վեհափառ Գարեգին Բ., Լարա Սեդրակեան եւ Անի Մանուկեան, ՀԲԸՄ-ի 89րդ Ընդհանուր Ժողովին, Նիւ Եորք, 29 Հոկտեմբեր 2016: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)

Ընդհանուր Ժողովը աւարտեցաւ վեհափառ hօր պատգամով եւ օրհնութեան խօսքով, զորս ընթերցեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տէր Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան: Իր խօսքին մէջ վեհափառը ուրախութիւն յայտնեց գնահատանքի խօսքով ՀԲԸՄի ազգանուէր գործունէութիւնը կրկին անգամ դրուատելու առիթին համար: Ան նշեց, թէ միութեան աւելի քան մէկ դարու գործունէութիւնը բարեզարդուած է ազգաշահ եւ եկեղեցանուէր արգասալի իրագործումներով: Ան ըսաւ, թէ միութեան հիմնադիր Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ երախտարժան անդամներու նուիրումով ու ջանքերով զօրացած այս կազմակերպութիւնը իր բարեգործութիւնները սփռած է ընդհանուր հայ ազգի կեանքին մէջ եւ այսօր հաւատարիմ իր կոչումին, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, 110 ամեայ վաստակով: Ան աւելցուց, թէ Բարեգործականը միշտ եղած է ազգային կեանքի հրամայականներու կեդրոնը, ընդառաջած է ժամանակի պահանջներուն, աշխարհի տարածքին հաստատուած իր կառոյցներուն միջոցաւ սատար հանդիսանալով մեր ժողովուրդին, ծառայելով հայ ժողովուրդի համախմբման, նուիրուելով սերունդներու դաստիարակութեան եւ ծառայելով ազգային եւ եկեղեցական կեանքի շենացման: Ան ընդգծեց, թէ Բարեգործականը միշտ եղած է մայր հայրենիքի կողքին, սատարած է եկեղեցւոյ միութեան վերահաստատման ուղղուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ջանքերուն եւ զօրավիգ եղած է ու նպաստած անոր առաքելութեան արգասաւորման: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը գնահատեց նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, ազգին մատուցած աստուածահաճոյ ծառայութիւնները եւ Ս. Էջմիածինի պայծառութեան բերած բացառիկ աւանդը, անոր եւ Տիկին Վերա Սեդրակեանին նուիրելով «Ասպետ Ս. Էջմիածինի» տիտղոս եւ հայրապետական շքանշան:

Այս առթիւ Ընդհանուր Ժողովին յղած իր շնորհաւորագիրին մէջ, Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեան կը նշէր՝ «…Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ  Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 22,000 անդամներուն՝ որոնց ջանքերուն, անմնացորդ նուիրումին, անտրտում ու լուռ աշխատանքին, ինքնայրումին շնորհիւ կը գործեն, կը զարգանան եւ կը հզօրանան ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ գործող աշխարհասփիւռ կառոյցները … Այսօր ձեր լայնածաւալ ծրագիրները կեանքի կոչելով դուք կը վերահաստատէք ձեր հաւատարմութիւնը ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան, նեցուկ ըլլալով հայուն ու հայրենիքին … Իրապէս, դուք փայլուն կերպով կ’իրագործէք ձեր կառոյցին առջեւ դրուած խնդիրները՝ հայկական պետականութեան կերտման մարտահարաւէրներու եւ հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման ուղղութեամբ …Մեծարգո’յ պարոն Սեդրակեան, դուք ՀԲԸՄ-ը դարձուցած էք ազգային արժէք, եւ վստահ եմ, որ դուք կը շարունակէք «յաւերժի ճամբորդ»ի անոր առաքելութիւնը:»

Ընդհանուր Ժողովի Յարակից Ձեռնարկներ – Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբեր եւ Ուրբաթ 28 Հոկտեմբեր 2016

Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբերին, Միութեան Ընդհանուր Ժողովի յարակից գործունէութիւններու շարքը սկսաւ միութեան Նիւ Եորքի  կեդրոնէն ներս, ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած պատգամաւորներու հանդիպումներով: Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ պաշտօնէութիւնը, ծանօթութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն, միութեան տարբեր գործունէութիւններու բնոյթին եւ նպատակներուն մասին: Տեղի ունեցան յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներ, ընդհանուր  հաղորդակցութեան եւ լայն շրջանակները իրազեկ պահելու խնդիրներուն շուրջ, զօրացնելու համար միութեան աշխարհատարած կառոյցներու կապերը իրարու հետ: Օրուան աւարտին, երիտասարդ արհեստավարժներու խումբերը նոյնպէս հանդիպեցան, սերտելու համար յետագայ գործունէութիւններու կարելիութիւններ, իրենց շրջանակները աշխուժացնելու ձգտումով:

Ուրբաթ 28 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի «Harold Pratt House»ի մէջ տեղի ունեցան աշխոյժ քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան ՀԲԸՄի գործունէութիւններու ծիրի ընդարձակման շուրջ: Համաշխարհայնական (global) հասկացողութեամբ գործելով միութիւնը յառաջ մղելու նիւթին մասին խօսք առաւ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Նուպար Աֆէեան: Համաշխարհայնական հասկացողութիւնը որով ՀԲԸ Միութիւնը կը վերահաստատէ Ընդհանուր Միութեան հիմնական տեսլականը եւ առաքելութեան բնոյթը, կը մեկնի այն իրականութենէն, որ այսօր իւրաքանչիւր հայ, իր կարելիութիւններով, ձեռք բերած յաջողութիւններով, իրագործումներով, իր անձին եւ հայկականութեան սահմաններէն անդին, ընդհանրական կշիռ կը ներկայացնէ: Միութիւնը կրնայ իբր հարթակ ծառայել, համադրելու եւ հունաւորելու համար այդ ուժականութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ ազգային այս նոր  ռազմավարութեան ծիրէն ներս, ՀԲԸՄ-ը որպէս միաւորող եւ համակարգող կազմակերպութիւն, գործակցական կապեր մշակէ այլ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու հետ, զօրացնելով իր գործօն անդամներու ցանցը, ամրապնդելով իր մարդուժը եւ ընդլայնելով իր նիւթական կարելիութիւնները, ապահովելու համար հայ ազգին կայուն ապագան: Առանձին խումբեր օրուան ընթացքին քննարկեցին միութեան հիմնական գործունէութիւնները, առաջադրելով գաղափարներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան մշակութային, ազգային ինքնութեան, կրթութեան եւ մարդասիրական ծառայութիւններու մարզերուն մէջ յետագայ ծրագիրներու մշակումին: Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Արտա Յարութիւնեան ամփոփեց առանձին խումբերու հանդիպումներուն արդիւնքները: Սեդա Նազարեան, շահեկան ելոյթ մը ունեցաւ միութեան նիւթական կարելիութիւններու ընդլայնումի կարեւորութեան եւ անոր սատարող միջոցառումնրուն մասին: Ան ներկաները ներշնչեց  իր անձնական փորձառութենէն բխող օրինակներով եւ մատնանշեց բարերարութեան միջոցաւ կազմակերպութեան եւ անոր անդամակցութեան եւ համակիրներու լայն ցանցին առնչուելու հոգեկան բաւարարութիւնը:

Շաբաթ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի 110րդ տարեդարձի Կալա շքահանդէսը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ճէզ Էթ Լինքոլն Սէնթըրի Ֆրէտէրիք Փ. Րոզ սրահին մէջ, 24 երկիրներէ 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)
Շաբաթ 29 Հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի 110րդ տարեդարձի Կալա շքահանդէսը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ճէզ Էթ Լինքոլն Սէնթըրի Ֆրէտէրիք Փ. Րոզ սրահին մէջ, 24 երկիրներէ 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)

 

Օրուան աւարտին, տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի քննարկում մը, Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց նիւթին շուրջ: Զրոյցը վարեց արհեստավարժ լրագրող Լարա Սեդրակեան, որ հիմնադիրն է News Deeply լրատուական ծրագիրին: ձեռնարկը կազմակերպուած էր մարդկային իրաւանց հսկող Human Rights Watch կազմակերպութեան մասնակցութեամբ: Զեկուցաբերները, խօսեցան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց խնդիրներու շուրջ, ծանրանալով տունէն ներս բրտութեան արարքներու, կանանց իրաւունքներու, առողջապահական տարրական ծառայութիւններու եւ ընկերային տնտեսական արդարութեան ապահովումի նիւթերուն շուրջ: Զրոյցին մասնակցեցան Կիորկի Կոկիա, Մարդկային Իրաւանց Հարաւային Կովկասի Տնօրէն, Շիլա Փայլան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Ոճրադատ Ատեանի պաշտօնատար եւ համբաւաւոր երգիչ, յօրինող Սերժ Թանքեան:

«ՀՈԳԻՍ» Գեղարուեստական Ելոյթ – Ուրբաթ 28 Հոկտեմբեր 2016

Ուրբաթ Երեկոյեան, Նիւ Եորքի Սիթի Սէնթըր սրահին մէջ գեղարուեստական աննախընթաց եւ անդրանիկ համոյթով հանդէս եկան Նորքի Հայորդեայց Տան եւ Թումո ստեղծագործ ճարտարարուեստներու կեդրոնի 70 պատանիներ, ներկայացնելով իրենց տաղանդը, երաժշտական, պարային, կրկէսային եւ ճարտարագիտական մարզերու մէջ: Համոյթը, որուն ղեկավարն էր Փաթրիք Մալաքեան, խորհրդանշական գեղեցիկ կատարումներով պատկերացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթը, դրսեւորելով հայրենիք-սփիւռք շաղկապումի ուժականութիւնը: ձեռնարկին ներկայ էին Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայ համայնքէն հոծ բազմութիւն մը, աւելի քան 1200 հոգի:

ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներու խմբաւորումի անդամները, որոնք  համախմբուած էին 13 տարբեր երկիրներու 18 քաղաքներէ, ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի 89րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ մասնակցեցան այդ առթիւ տեղի ունեցող խորհրդակցական ծրագրային հանդիպումներուն: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)
ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ արհեստավարժներու խմբաւորումի անդամները, որոնք համախմբուած էին 13 տարբեր երկիրներու 18 քաղաքներէ, ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի 89րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ մասնակցեցան այդ առթիւ տեղի ունեցող խորհրդակցական ծրագրային հանդիպումներուն: (Լուսանկարը Թինա Չոլաքեանի)

ՀԲԸՄի 110 Ամեակի Կալա Շքահանդէս – Շաբաթ 29 Հոկտեմբեր 2016

Շաբաթ երեկոյի շքահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճէզ էթ Լինքոլն Սէնթըր սրահէն ներս, 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ: Իրարայաջորդ պաստառներու շարունակական հոսքով եւ հանդիսավարներ Քիմ Պարտագեանի, Անի Մանուկեանի եւ Սարգիս Ճէպէճեանի կողմէ պարբերական ելոյթներով, ներկաները ծանօթացան ու խանդավառուեցան Միութեան պատմութեամբ, անցեալի իրագործումներով  եւ ապագային ուղղուած յուսալի փայլուն հեռանկարներով, յանձնառու գործարար երիտասարդութեան մասնակցութեամբ: Այս առթիւ մեծարուեցան եւ գնահատուեցան իրենց յաջողութիւններով հայութեան վարկը բարձրացնող եւ անոր ճանաչումին սատարող անձեր:  Ամերիկեան Ճէզ երաժշտութեան յայտնի եւ մեծագոյն արտադրիչներէն, Ճորճ Աւագեան, արուեստագէտ եւ արծաթեղէններու նախագծող Մայքըլ Արամ, գործարար Նիկոլ Գուլաճեան եւ ՄԱԿի Միջազգային Ոճրադատ Ատեանի պաշտօնատար, մարդկային իրաւանց իրաւապաշտպան Շիլա Փայլան:

(ձախէն աջ) Անճէլա Մատաթեան, Սերժ Թանքեան, Մայքըլ Արամ եւ Արէտ Թիքիրեան ՀԲԸՄի 110րդ տարեդարձի հաւաքոյթին
(ձախէն աջ) Անճէլա Մատաթեան, Սերժ Թանքեան, Մայքըլ Արամ եւ Արէտ Թիքիրեան ՀԲԸՄի 110րդ տարեդարձի հաւաքոյթին

Հաճելի անակնկալ մըն էր նախագահ Պերճ Սեդրակեանի անձը, միութեան հանդէպ իր ամբողջական նուիրումը, 40 տարիներ Կեդրոնական Վարչական ժողովի իր ծառայութիւնը եւ 14 տարիներու անխոնջ նախագահութեան շրջանը բնորոշող անկեղծ եւ կատակախառն տեսաերիզը, որ կը համադրէր իր հարազատներու եւ իրեն աշխատակից Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու մտերիմ վկայութիւնները:  Տեսաերիզին առընթեր, վարչականներ Տոքթ. Լեւոն Նազարեան եւ Երուանդ Տեմիրճեան, իրենց սրամիտ ակնարկութիւններով համեմեցին ելոյթը:

Հաւաքոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ը մեծարեց ամերիկեան Ճէզ երաժշտութեան մեծագոյն արտադրիչներէն եւ այդ մարզի զարգացման կարեւոր նպաստ բերած, Ճորճ Աւագեանին:
Հաւաքոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ը մեծարեց ամերիկեան Ճէզ երաժշտութեան մեծագոյն արտադրիչներէն եւ այդ մարզի զարգացման կարեւոր նպաստ բերած, Ճորճ Աւագեանին:

Այս առթիւ իր վկայութեան մէջ Արտա Նազարեան ընդգծեց, թէ Պերճ Սեդրական հաւանաբար  հայ ազգը իր համընդհանուր էութեամբ, Հայրենիք, սփիւռք եւ հայ եկեղեցի որպէս մէկ ամբողջութիւն  ընկալելու գաղափարախօսութեան ամենաիրատես, արդիւնաւէտ եւ զօրաւոր ջատագովը կը հանդիսանայ: Իր նախագահութեան շրջանին, ան յաջողեցաւ վերարծարծել ՀԲԸ Միութեան առաքելութեան հիմնական գաղափարաբանութիւնը, որ կը ձգտի հայութեան հզօրացումին, համաշխարհայնական տեսլականով:

Այս տեսլականը եւ անկէ բխող գաղափարախօսութիւնն էր որ իբր խորքային միտք, ուղղութիւն տուաւ եւ դրսեւորուեցաւ Միութեան 89րդ Ընդհանուր Ժողովին եւ աշխատանքային հանդիպումներուն ու անոնց առընթեր 110ամեակի տօնախմբութիւններու գեղարուեստական թէ ընկերային ձեռնարկներուն ընթացքին:

ՀԲԸՄի Ընդհանուր Ժողովին եւ 110 ամեակի ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հաճեցէք այցելել Միութեան կայքէջը՝ www.agbu.org կամ https://agbu.org/110:

Հիմնուած 1906ին, ՀԲԸՄը (www.agbu.org), աշխարհի մեծագոյն ոչշահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է: Միութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: ՀԲԸՄը կը սատարէ հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները կ«ընդգրկեն տարեկան աւելի քան 500,000 հայեր, աշխարհի տարածքին:

29 Հոկտեմբեր 2016ին, ՀԲԸՄը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 110րդ տարեդարձը, Նիւ Եորքի հանրածանօթ Ճէզ էթ Լինքըլն Սէնթըրի մէջ, 24 երկիրներէ ժամանած 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:
29 Հոկտեմբեր 2016ին, ՀԲԸՄը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 110րդ տարեդարձը, Նիւ Եորքի հանրածանօթ Ճէզ էթ Լինքըլն Սէնթըրի մէջ, 24 երկիրներէ ժամանած 500 հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի 110ամեակի շքահանդէսի եւ ՀՈԳԻՍ գեղարուեստական համոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբը (ձախէն աջ ոտքի) Քրիսթինա Լալամա, Մարալ Հաժժար, Արսինէ Գազազեան, Մարալ Ճէպէճեան, Անի Մանուկեան, Կալայի համա-ատենապետուհիներ՝ Գլոտիա Նազարեան եւ Նիլա Ֆըստըգճեան, Հիլտա Յարթունեան եւ Անի Յովանէսեան (նստած) Պէթի Չէրքէզեան, Սօսի Սեդրակեան, Սերտա Պըլըքտանեան, Անիթա Անսըրեան, Նէլլի Սիմոնեան, Կլորիա Սէնտըրզ եւ Լորիկ Սեդրակեան:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի 110ամեակի շքահանդէսի եւ ՀՈԳԻՍ գեղարուեստական համոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբը (ձախէն աջ ոտքի) Քրիսթինա Լալամա, Մարալ Հաժժար, Արսինէ Գազազեան, Մարալ Ճէպէճեան, Անի Մանուկեան, Կալայի համա-ատենապետուհիներ՝ Գլոտիա Նազարեան եւ Նիլա Ֆըստըգճեան, Հիլտա Յարթունեան եւ Անի Յովանէսեան (նստած) Պէթի Չէրքէզեան, Սօսի Սեդրակեան, Սերտա Պըլըքտանեան, Անիթա Անսըրեան, Նէլլի Սիմոնեան, Կլորիա Սէնտըրզ եւ Լորիկ Սեդրակեան:
Տէր եւ Տիկին Նիկոլ եւ Էլեանօր Գուլաճեաններ: Quest Paners LLC ներդրումներու ընկերութեան հիմնադիրը եւ գլխաւոր տնօրէնը, պատուուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 110ամեակի Կալայի ձեռնարկին:
Տէր եւ Տիկին Նիկոլ եւ Էլեանօր Գուլաճեաններ: Quest Paners LLC ներդրումներու ընկերութեան հիմնադիրը եւ գլխաւոր տնօրէնը, պատուուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 110ամեակի Կալայի ձեռնարկին:
ՄԱԿ-ի Ոճրադատ Ատեանի իրաւապաշտպան Շիլա Փայլան պատուուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 110 ամեակի Կալայի ձեռնարկին:
ՄԱԿ-ի Ոճրադատ Ատեանի իրաւապաշտպան Շիլա Փայլան պատուուեցաւ ՀԲԸՄ-ի 110 ամեակի Կալայի ձեռնարկին:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ Անի Մանուկեան եւ Սարգիս Ճէպէճեան, կը ներկայացնեն պատուոյ մրցանակները օրուան մեծարեալներուն:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներ Անի Մանուկեան եւ Սարգիս Ճէպէճեան, կը ներկայացնեն պատուոյ մրցանակները օրուան մեծարեալներուն:
Կալա շքահանդէսը մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի 110ամեակի  եւ 89րդ Ընդհանուր Ժողովի ձեռնարկներուն, որոնք ընդգրկեցին խորհրդակցական ծրագրային հանդիպումներ եւ ՀՈԳԻՍ խորագիրով գեղարուեստական համոյթի համաշխարհային անդրանիկ ելոյթը:
Կալա շքահանդէսը մաս կը կազմէր ՀԲԸՄ-ի 110ամեակի եւ 89րդ Ընդհանուր Ժողովի ձեռնարկներուն, որոնք ընդգրկեցին խորհրդակցական ծրագրային հանդիպումներ եւ ՀՈԳԻՍ խորագիրով գեղարուեստական համոյթի համաշխարհային անդրանիկ ելոյթը:
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին