Ս.թ. Նոյեմբերի 6ին Ուելսի մայրաքաղաք Քարդիֆի մէջ տեղի ունեցաւ 1964թ. ստեղծուած Քարդիֆի Պոլիֆոնիկ երգչախումբի եւ Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ մարմինի 3 ամեայ «Կոմիտաս» երգչախումբի բացառիկ եւ երկար սպասուած համերգը: Կազմակերպիչներն էին «Կոմիտաս» երգչախումբի նախագահ Վարդան Ուզունեանը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սիփան Օլահը, Քարդիֆի Պոլիֆոնիկ երգչախումբի պատասխանատուներէն Մայք Փեփերը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Տեյվիտ Յանգը եւ Ուելսի եկեղեցական ծխական խորհուրդի նախագահ Ժոն Թորոսեանը:
Նախքան համերգի սկիզբը «Կոմիտաս» երգչախումբը եւ Լոնտոնէն ժամանած աւելի քան 50 հիւրերը այցելեցին Քարդիֆի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար-յուշակոթողը` յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Համերգի գաղափարը ճանաչողական, ուսուցողական, մշակոյթներու եւ լեզուներու փոխանակման նպատակ ունէր. կը խորհրդանշէր երկու ազգերու՝ հայերու եւ ուելսացիներու բարեկամութիւնը: Ձեռնարկը նաեւ կը նպաստէր երգչախմբային երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան տարածմանը: Համերգը աննախադէպ էր, քանզի «Կոմիտասը» առաջին հայկական երգչախումբը դարձաւ, որ ելոյթով հանդէս եկաւ Քարդիֆի մէջ:
Երաժշտական երեկոյին նեկայ էին հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, երաժիշտներ, նեկայացուցիչներ Լոնտոնի հայկական մշակութային միութիւններէն, Քարդիֆի ջերմ եւ սիրալիր ուելսացի հանդիսատեսը, ինչպէս նաեւ հայեր Բաթէն, Թեթբըրիէն, Փլիմըթէն, Սոզբըրիէն եւ Սուինդընէն:
Համերգային ծրագիրը մանրակրկիտ մշակուած էր խմբավարներ Սիփան Օլահի եւ Տեյվիտ Յանգի կողմէն. նպատակն էր երգերու եւ անոնց թարգմանութիւններու միջոցով, որոնք զետեղուած էին ձեռնարկի գրքոյկին մէջ, հանդիսատեսին ներկայացնել երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը, մշակոյթը, աւանդոյթներն ու հաւատալիքները:
Համերգի առաջին մասը «Կոմիտաս» երգչախումբի կատարմամբ եւ խմբավար Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ հնչեցին բացառապէս հայկական երգեր՝ Ա. Դոլուխանեանի «Երեւանի գիշերները կապուտակ», Ա. Աճեմեանի «Ծաղկած բալենի», մենակատար՝ Հ. Եղիկեան, Կոմիտասի «Իմ չինարի յարը”, Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օպերայէն «Ամպի տակից» եւ «Համբարձում», Ս. Շաքարեանի «Հայակական ժողովրդական երգեր» պոպուրին: Առաջին մասի վերջին երկու երգերը՝ Ս. Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան» եւ Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ», միացեալ կատարեցին «Կոմիտաս» եւ Պոլիֆոնիկ երգչախումբերը, մեծ անակնկալ մատուցելով ուելսացի եւ հայ հանդիսատեսին: Յատկանշական էր ուելսացիներու կողմէն հայերէն խօսքերու յստակ արտաբերումը եւ միացեալ երգչախումբերու 85 երգիչներու համահունչ կատարումը:
Համերգի երկրորդ մասը Պոլիֆենիկ երգչախումբի կատարմամբ եւ դիրիժոր Տեյվիտ Յանգի ղեկավարութեամբ հնչեցին անգլերէն եւ ուելսերէն բարձրաճաշակ երգեր՝ Ջ. Վեբերի «Լիսա Լան», Գ. Հոյստի «Ես սիրում եմ իմ սիրեցեալին», Վ. Մաթիասի «Չորս ուելսական ժողովրդական երգեր», Ռ. Վաուգանի «Հոգիները արդարներու» /այս հոգեկերտ երգի հեղինակը ներկայ էր համերգին/: Պոլիֆոնիկ երգչախումբին միացաւ «Կոմիտասը»՝ ուելսերէն լեզուով կատարելու վերջին երկու երգերը՝ Փ. Այրեսի «Սուո Գան» օրօրոցայինը եւ Է. Ջոնսի «Խաղաղութիւն ստեղծողները»: «Կոմիտաս» երգչախումբի երգացանկի առաջին ուելսերէն երգերը բարձր մակարդակով ներկայացուեցան այս համատեղ ելոյթի ընթացքին եւ երկրորդ անգամ անակնկալ մատուցեցին հանդիսատեսին:
Այս բոլորին կողքին, Մեծ Բրիտանիայի եւ Իռլանտիայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Տ. Հովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը արժանապատիւ Հայր Թորգոմ Տոնոյեանին հետ կատարեցին յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայր Սուրբի կատարմամբ հնչեց «Ի կոյս գերեզմանէն» միջնադարեան շարականը: Գիրք նուիրուեցաւ Ուելսի Խաղաղութեան տաճարի տնօրէն Ստեֆան Թոմասին Ուելսի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար: Այնուհետեւ, օրհնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած սրբապատկերը, որ նուիրուեցաւ հոգեւորական Պատրիկ Թոմասին՝ ի գնահատանք արժանապատիւ հոգեւորականի՝ հայ ազգի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի վերաբերեալ գրուած մեծաքանակ աշխատութիւններու:
Համերգէն եւ բարեգործական ընթրիքէն հանգանակուած հասոյթը կազմակերպիչ Ջ. Թորոսեանի գլխավորութեամբ ուղղուելու է Սուրիոյ բարեգործական ֆոնտին՝ եւս մեկ հայ ընտանիք Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխելու նպատակով: