ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի, նոր տարեշրջանի առաջին արտադպրոցական պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2016ին:
Առաւօտեան Ա.էն Զ. կարգի աշակերտները սովորական իրենց դասապահերուն հետեւեցան եւ 10:30ի զբօսանքէն ետք պտոյտը ընթացք առաւ դէպի բնութեան գիրկը գտնուող հոյակապ վայր մը, հոյամողէզներու քաղաք՝ Dino City:
Երբ հասանք որոշուած վայրը, աշակերտները դիմաւորուեցան պատասխանատու անձերու կողմէ, որոնք բացատրեցին եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին հոյամողէզներու մասին, ապա խումբերու բաժնուելով իւրաքանչիւր խումբ իր դաստիարակին առաջնորդութեամբ շրջեցան տարբեր բաժինները: Նախ մտան քարայր մը, ուր պատկերներ եւ տեղեկութիւններ կար երկրագունդի կազմութեան մասին, ապա ծանօթացան նախնադարեան մարդու ապրելակերպին եւ վերջը հոյամողէզներու ծնունդին եւ անհետացման մասին :
Քարայներէն դուրս գալով շրջեցան հոյամողէզներու անտառը, ուր կային անոնց վիթխարի արձանները, վերջին հանգրուանին, բոլորը միատեղ հաւաքուեցան խաղավայրը, ուր խաղացին, զուարճացան եւ ճաշեցին:
Բաւական խաղալէ ետք դարձեալ համախմբուեցան եւ դասարաններու միջեւ մրցում մը կատարուեցաւ, պատասխանատու օրիորդը հարցումներ ուղղեց աշակերտներուն եւ մեր աշակերտները անսխալ պատասխանեցին բոլոր հարցումներուն, եւ առ ի գնահանանք մէկական մուտքի տոմս նուէր ստացան:
Աշակերտները ուրախ, խանդավառ եւ ոգեւորուած ու օգտակար գիտելիքներով լիցքաւորուած վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, եւ իրենց երախտագիտական խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեցին տնօրէնութեան հաճելի եւ օգտաշատ սոյն պտոյտին համար:
Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016ին Մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները այցելեցին Dino City եւ նոյնպէս հետաքրքրական ու զուարճալի օր մը անցուցին:












