Մարտական հերթապահութեան կամ մարտական պայմաններու մէջ զոհուած սպաներու ընտանիքները միանուագ 10 միլիոն դրամ եւ ամսական 300 հազար դրամ պիտի ստանան:
«ՀՀ պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու առողջութեան կամ կեանքի վնասի փոխհատուցման մասին» օրինագիծը հաւանութիւն ստացած է Նոյեմբերի 10ին կառավարութեան նիստի ընթացքին:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի խօսքով` զոհուածներուն եւ Ա.ին խումբի հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներու ընտանիքները միանուագ կը ստանան 10 միլիոն դրամ (2րդ խումբի հաշմանդամները` 5 միլիոն), իսկ յետագային` 20 տարուան ընթացքին` ամսական 300 հազար դրամ: Սպաներու համար այդ գումարը պիտի կազմէ ամսական 300 հազար դրամ, ենթասպաներու համար` 250 հազար դրամ, շարքայիններու համար` 100 հազար դրամ (զոհուածները ու Ա.ին խումբի հաշմանդամները): Այս պարագային սպային կամ անոր ընտանիքին 20 տարի շարունակ պիտի յատկացուի 82 միլիոն դրամ, ենթասպաներուն` 70 միլիոն, շարքայիններուն` 58 միլիոն:
2րդ խումբի հաշմանդամներուն համար նախատեսուած է համապատասխանաբար 200, 150 եւ 100 հազար դրամ ամսական: Միջոցները պիտի ստանան զինծառայողներու ծնողները եւ երեխաները, ինչպէս նաեւ մինչեւ 23 տարեկան եղբայրները, քոյրերը:
Նախարարին խօսքո՝ 2016ի Ապրիլի դէպքերը ցոյց տուին, որ միայն պիւտճէի միջոցներէն փոխհատուցում վճարելը անկարելի է: Այդ պատճառով յաւելեալ նիւթական միջոցներ պիտի յատկացուին յատուկ ֆոնտէ մը, ուր պիտի հաւաքուին պետութեան եւ հասարակութեան միջոցները:
Իւրաքանչիւր աշխատող քաղաքացի ֆոնտին ամսական հազար դրամ պիտի վճարէ: Ֆոնտը պիտի կառավարէ կառավարութիւնը, կեդրոնական դրամատունը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդը: Կառավարման ծախսերը պէտք չէ գերազանցեն դրամագլուխի 0.5 տոկոսը, իսկ գումարի կառավարման ծախսերը` 2 տոկոսը:
Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Արթուր Ջաւադեան յայտնած էր, որ առնուազն 5 տարի անվճար պիտի կառավարէ ֆոնտը: