*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ գիշեր հրաւէրովը ՀԲԸՄի, իմ կարգիս ալ քաջալերելով ու հրաւիրելով ընտանիքս եւ կարգ մը բարեկամներ, Տըպայէի ABCի շարժապատկերի սրահին մէջ ներկայ գտնուեցայ մեծանուն միութեան 110 եւ ՀԵԸի 85 ամեակներուն նուիրուած Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու շարքին մեկնարկը հանդիսացող “1915 The Movie” ֆիլմի առաջին ցուցադրութեան:
Կարին Յովհաննէսեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի ի արտադրութեամբ տրամային մասին տպաւորութիւններս կ՛ուզեմ այսօր քեզի հետ բաժնել, սիրելի ընթերցող: Հակառակ նման պարագաներու եւ առիթներու ընկալուած հաճոյախօսութեան սովորութեան, իմ պարագայիս եւ ըստ սովորութեանս պիտի ըլլամ անաչառ եւ առարկայական ՝շինիչ քննադատութիւններով փորձելով ներկայացնել այն ինչ, որ ես տեսայ ու հասկցայ, որպէս համեստ հանդիսատես…:
Ֆիլմը կը վերաբերէր Լոս Անճելըս Թատերասրահին մէջ թատերախումբի մը կողմէ ներկայացուելիք թատրոնի մը 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Հակառակ թափուած քաջալերելի աշխատանքին, լաւ գործով մը հանդէս գալու եւ իր ունեցած զուգահեռներուն Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին ՝ ընդգրկելով նաեւ անոր մէջ դեր ստանձնած Սիմոն Աբգարեանը, որպէս հիմնական դերասան Անճելա Սարաֆեանի կողքին, Ֆիլմը աւելի սիրողական մակարդակի պատրաստութիւն եւ նիւթ ունէր, որուն պատրաստութեան ազնիւ նպատակներն ու ջանքը բնաւ չէին արդարացներ անոր անտեղի կերպով շփոթեցնող եւ հոգեբանական հանգոյցներով լեցուն խաղընթացը:
Ներկայացուածը քլիշէի վերածուած թրոմայի մը մասին էր, ուր հայը հոգեբանօրէն բանտարկուած անցեալին մէջ, որուն ընթացքին Հայ ժողովուրդի հասցուած խոցը տակաւին կը կոտտայ եւ հակառակ ֆիլմին ընդմէջէն արձակուած սլաքին, որ պէտք է ազատագրուիլ այդ բարդոյթէն, զայն պատրաստողները ձախողած էին միջոց մը կամ ձեւ մը ցոյց տալ կամ յուշել անկէ ձերբազատուելու համար…:
Ժամանակակից տրամայի ոճով ներկայացուած այս ֆիլմը աւելի յաջողեցաւ իր ոճին (genre) մթնոլորտը ստեղծել քան լուսաւորել հանդիսատեսը՝ օգնելով անոր մտածելու զանազան նոր հորիզոններ ունենալ:
Մէկ խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութենէն դար մը ետք պատրաստուած ֆիլմէն եւ անոր երիտասարդ ու իրենց ժամանակակից ըլլալը՝ իրենց անգլիախօսութեամբ փաստել փորձող անոր արտադրիչներէն շատ աւելին կը սպասէի, քան թուրքը ներկայացնել միայն իբրեւ ոճրագործ կամ հայ աղջիկ ցանկացող, իսկ հայը ներկայացնել անցեալի թրոմայով տակաւին ապրող եւ անկէ ձերբազատուելու դժուարութիւնը ունեցող կերպար(ներով)…:
Այսքանով կը բաւարարուիմ այսօր: