Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Հայաստանէն Ուղարկուած Օգնութիւնը Բաժնուեցաւ Սուրիահայ Փոքրիկներուն

Նոյեմբեր 7ին Հալէպի հայկական բոլոր մանկապարտէզներու սաներուն եւ Ազգային միացեալ նախակրթարանի` Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններու, առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարաններու աշակերտներուն Հալէպի շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը բաճկոններ բաժնած է, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա  առաքած էր մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»ը։

Ըստ աղբիւրին, երեխաներու ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը ակնյայտ եղած է եւ անոնք իրենց շնորհակալութիւնն ու սիրտի խօսքը յայտնած են  այս նախաձեռնութեան համար: Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուցած է, որ մնացած բաճկոնները յառաջիկային կը բաժնուին բարձր դասարաններու աշակերտներուն:

Համայնքէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, հայկական թաղամասերուն մէջ պայթիւններ չեն նկատուիր, միայն կը շարունակուին դժուարին մնալ կենցաղային պայմանները:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա  առաքուած էր 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որմէ 10 թոն նախատեսուած էր Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:

Հոկտեմբեր 7ին, «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին» մակագրութեամբ բեռները հասած են Հալէպ: Oժանդակութեան բաշխումը յանձնարարուած էր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին