Նոյեմբեր 7ին Հալէպի հայկական բոլոր մանկապարտէզներու սաներուն եւ Ազգային միացեալ նախակրթարանի` Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններու, առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարաններու աշակերտներուն Հալէպի շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը բաճկոններ բաժնած է, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա առաքած էր մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»–ը։
Ըստ աղբիւրին, երեխաներու ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը ակնյայտ եղած է եւ անոնք իրենց շնորհակալութիւնն ու սիրտի խօսքը յայտնած են այս նախաձեռնութեան համար: Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուցած է, որ մնացած բաճկոնները յառաջիկային կը բաժնուին բարձր դասարաններու աշակերտներուն:
Համայնքէն տեղեկացուցած են նաեւ, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, հայկական թաղամասերուն մէջ պայթիւններ չեն նկատուիր, միայն կը շարունակուին դժուարին մնալ կենցաղային պայմանները:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա առաքուած էր 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որմէ 10 թոն նախատեսուած էր Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:
Հոկտեմբեր 7ին, «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին» մակագրութեամբ բեռները հասած են Հալէպ: Oժանդակութեան բաշխումը յանձնարարուած էր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինին: