Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հայկական Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Բանտարկեալի մը Օրագրէն

Մտերիմ բարեկամներէս մէկը 1997էն ի վեր բանտարկուած է։ Ան երրորդ անգամ ըլլալով եւ ակամայ տեղափոխուելով՝ վերջերս հաստատուեցաւ Չինոյի բանտը։

Տակաւին չբանտարկուած՝ ան Լոս Անճելըսի մէջ հաստատած էր Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեանց Կեդրոնը, ուր որպէս Տնօրէն ծառայած էր երկար տարիներ եւ օգտակար հանդիսացած իր գաղութի զաւակներուն։

Հոս պէտք է ըսեմ, որ ան ուսեալ եւ զարգացած անհատ մըն է, տիրացած՝ Աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ Մաքիստրոս Արուեստից Տիտղոսին:

Չինոյի բանտին մէջ ան փափաքեցաւ իր ուսումը ի սպաս դնել՝ օգտակար հանդիսանալու համար բանտարկեալներուն։ Հաստատեց եւ ի գործ դրաւ կենցաղավարութեան դասընթացք մը (life skills class)։ Այժմ ունի երեք դասարան՝ երկուքը սպանախօս եւ մէկը անգլիախօս բանտարկեալներու համար։

Իսկ ի՞նչ է վերոյիշեալ դասընթացքին նպատակը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Այս բացատրութեան վերահասու դարձայ անցեալները միայն, երբ այցելութեան գացած էի զինք տեսնելու՝ մեզի հասարակաց մօտիկ բարեկամի մը հետ։

Ուրեմն, իւրաքանչիւր բանտարկեալ ատենը մէյ մը կը կանչուի, որ ներկայանայ «ներում շնորհելու խորհուրդ»ին (Parole Board)։ Ան եթէ ցարդ եղած է օրինակելի բանտարկեալ մը, կրնայ ներում ստանալ եւ բանտէն արձակուիլ։ Բանտէն արձակուելէ ետք, սակայն, պէտք է քանի մը ամիս անգամ մը իրեն նշանակուած պաշտօնեային (Parole Officer) ներկայանայ` հաստատելու համար թէ, որեւէ յանցանք չէ գործած եւ կը մնայ օրինակելի քաղաքացի մը։

Մեր բարեկամին տուած դասընթացքին նպատակն է բանտարկեալը իրազեկ դարձնել, թէ ինչպէ՞ս ինքզինք պիտի ներկայացնէ այդ խորհուրդին, եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ անոնց տարաբնոյթ հարցումներուն:  Ան կը գօտեպնդէ, որ բանտարկեալը ըլլայ ինքնավստահ, զուսպ եւ մանաւանդ՝ ճշմարտախօս։

Դասընթացքին վերջաւորութեան տեղի կ’ունենայ աւարտական պաշտօնական հանդիսութիւն եւ բանտարկեալները կը ստանան համապատասխան վկայական։ Այդ հանդիսութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 27ին եւ 21 բանտարկեալներ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք վերոյիշեալ դասընթացքը, ստացան իրենց վկայագիրները։

Հոս կ’ուզեմ մէջբերել երկու վկայութիւն բարեկամիս. մէկը բանտի հրամանատարին (Captain) կողմէ, իսկ միւսը՝ դասընթացքը աւարտող բանտարկեալի մը։

Բանտարկեալը կ’ըսէ, «Դուն վստահաբար սիրտիս մէջ բոցավառեցիր կրակ մը, որպէսզի կարենամ պայքարիլ՝ ըլլալու համար աւելի լաւ մարդ մը։ Միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեմ այն սուղ ժամանակը, զոր տրամադրեցիր ինծի։»

Իսկ բանտի հրամանատարը իրեն ակնարկելով կ’ըսէ. «Այս բանտարկեալը մտայղացաւ եւ գործադրութեան դրաւ ծրագիր մը, որուն նպատակն է դիւրասահ կերպով բանտէն վերադառնալ մարդկային ընկերութեան մէջ։ Ան յարատեւ կերպով ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն մը բարելաւելու ինքզինք եւ խրատելու ուրիշներ, որ անոնք եւս յաջողութիւն գտնեն իրենց կեանքին մէջ։»

Բանտի հրամանատարը յատուկ գնահատագիրով մը պատուեց բարեկամս՝ բանտէն ներս տարած անխոնջ եւ նուիրեալ աշխատանքին համար։ Պատիւս արժանաւորաց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին