ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է «Հայաստանի ընկերային պատկերը եւ աղքատութիւնը» զեկոյցը, ուր ամփոփ ներկայացուած է Հայաստանի աղքատութեան մակարդակի գնահատականը եւ ընկերային վիճակի ու կենսամակարդակի փոփոխութիւնները 2008-2015 թուականներու ժամանակահատուածին մէջ: Ասիկա տասնեօթերորդ հրապարակումն է ՀՀ ԱՎԾի ամէնամեայ համանուն զեկոյցներու շարքին:
Ըստ զեկոյցին, 2015ին Հայաստանի բնակչութեան 2%ը եղած է ծայրայեղ աղքատ, 10.4%ը` շատ աղքատ, 29.8%ը` աղքատ: Այսինքն, երկրի իւրաքանչիւր 10 բնակիչէն մօտ 3ը ամսական 41.698 ՀՀ դրամ վերին աղքատութեան գիծէն ցած կը գտնուի: 2014ի համեմատ, երբ աղքատութեան մակարդակը 30.0% էր, արձանագրուած է աղքատութեան մակարդակի նուազում 0,2 տոկոսային կէտով: 2015ին աղքատներու ընդհանուր թիւը կազմած է մօտ 900 հազար մարդ, անոնցմէ շատ աղքատներու թիւը` մօտ 310 հազար (ներառեալ 60 հազար ծայրայեղ աղքատները):
2015ին աղքատութեան վերին եւ ստորին, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ գիծերը` ըստ սպառման, արտայայտուած մէկ չափահաս անձի հաշիւով, մէկ ամսուան համար եղած է, համապատասխանաբար, 41.698 դրամ (կամ 87.2 ԱՄՆ տոլար) , 34.234 դրամ (կամ 71.6 ԱՄՆ տոլար) եւ 24.109 դրամ (կամ 50.4 ԱՄՆ տոլար):
2014ին Հայաստանի բնակչութեան 2.3%ը եղած է ծայրայեղ աղքատ, 10.9%ը` շատ աղքատ, 30%ը` աղքատ: Զեկոյցին մէջ նաեւ ներկայացուած են աղքատութեան 2008 թուականի ցուցանիշները, որոնց համաձայն Հայաստանի բնակչութեան 1.6%ը եղած է ծայրայեղ աղքատ, 12.6%ը` շատ աղքատ, 27.6%ը` աղքատ:
Որպէս եզրակացութիւն կարելի է ըսել, որ 2015 թուականին ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը կը գերազանցէ 2008ի մակարդակը 0.4 տոկոսային կէտով, իսկ աղքատութեան վերին գիծին վրայ` աղքատութեան մակարդակը 2.2 տոկոսային կէտով բարձր էր 2008ի համեմատ: Միաժամանակ ճգնաժամէն ետք շատ աղքատներու մակարդակը 2008ի համեմատ իջած է 2.2 տոկոսային կէտով: