2016 թուականի Հոկտեմբեր ամսուն` 2015 թուականի նոյն ամսուան հետ համեմատած` «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորներու հոսքի 32 տոկոս աճ:
Քաղաքացիական օդագնացութեան գլխաւոր վարչութեան հրապարակած թիւերուն համաձայն, 2016 թուականի Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն ուղեւորահոսքը կազմած է 1 747 926 մարդ, որ 9.5 տոկոսով աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ 2016 թուականին բեռնափոխադրումը կազմած է 13 290 թոն ապրանք, որ 81 տոկոսով աւելին է, քան 2015 թուականը:






