Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով, այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ջենտիլոնին, որ կ’ընդունուի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ: Նախատեսուած են նաեւ Նալպանտեանի եւ Ջենտիլոնիի բանակցութիւնները։ Նախարարները կը ստորագրեն Հայաստանի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոն հիմնելու մասին միացեալ յայտարարութիւն: Երեւան ժամանելէ առաջ, իտալացի նախարարը այցելած է Վրաստան: Անոր տարածաշրջանային այս այցելութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Ազրպէյճանը:






