Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Բագրատ Ջիւանիի «Երգեր Ու Մտքեր» Գիրքին Շնորհահանդէսը՝ Նոյեմբեր 9ին

«Ապրիլ» գրատունը կազմակերպած է Բագրատ Ջիւանիի (Յարութիւնեան) նոր հրատարակուած «Երգեր Ու Մտքեր» հատորին շնորհահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA)։  Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

Ելոյթ պիտի ունենայ հատորին Հայաստանէն ժամանած խմբագիրը՝ Սամուէլ Մուրատեան եւ գիրքին հրատարակիչը՝ Գուրգէն Մելիքեան: Վաճառուած գիրքերուն գումարը պիտի յատկացուի Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներուն:

Երկարամեայ վաստակաշատ մանկավարժ, Իրանի տարբեր հայկական դպրոցներուն մէջ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւն դասաւանդած Բագրատ Յարութիւնեան՝ Ջիւանի գրական անունով, ուսուցչական գործունէութեան ընթացքին գրած է հարիւրաւոր սիրային, հայրենասիրական, քնարա-խոհական բանաստեղծութիւններ, մանկական ոտանաւորներ ու երգեր, որոնց մէկ մասը լոյս տեսած են հայերէն թերթերու մէջ: Ան կազմած էր իր երկերու ժողովածուն, խնամքով գեղագրած՝ հրատարակելու նպատակով, սակայն աննպաստ հանգամանքները խանգարած էին այդ մտայղացման իրականացումը: Անոր յիշատակին նուիրուած սոյն ժողովածուն ծաղկաքաղ մըն է բանաստեղծին տարաբնոյթ ստեղծագործութիւններէն եւ հասցէագրուած է ընթերցող լայն շրջանակին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել

noor@abrilbooks.com հասցէին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին