*ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ*
Ուշագրաւ խորագիրով աւելի եւս ուշագրաւ յօդուած մը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց մեր պաշտօնակից «Ակօս»ին մէջ: Հեղինակը՝ խմբագիր է: Նիւթը՝ Թուրքիոյ մէջ այս օրերու իրավիճակը… եւ «Հայուն Երկուութիւնը», որ անշուշտ չի վերաբերիր միայն պոլսահայուն…:
Մեր ձայնը միացնելով «Ակօս»ի պոռթկումին տեղ կու տանք հետեւեալ յօդուածին, մենք ալ մեր կարգին կոչելով՝ «Չենք Ընդունիր Այնտեղ Կատարուած Անարդարութիւնները… Ազատութիւն անցեալ դարասկիզբի մեր մտաւորականութեան ճակատագրակից նորօրեայ բոլոր ձերբակալուած թուրք եւ քիւրտ մտաւորականներուն»:
«Խմբ.»
Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ։
Այդ զգացումն է որ կ՚ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ. կ՚ունենաս երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը համարէ, միւս կողմէ սակայն ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՚ընդունի (հոգ չէ թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով)։ «Հայու փիճեր» պոռացող ամբոխին առջեւ ծպտուն իսկ չհանող մարդը կը բարձրացնես մինչեւ երկինքի եօթներորդ յարկը՝ ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներէն կէս-բերան ներողութիւն խնդրած ըլլալուն համար։ Ապրած երկուութիւնդ ծածկելու տարազն ալ պատրաստ է. «Սոխին անուշը չ՚ըլլար, թուրք է»։ Չես մտածեր իսկ, որ նոյն վարքը քու վարիչներդ ալ կ՚ունենան. ինքզինք համայնքին ղեկավարը հռչակած անձը չէ՞ր որ եղբայրասպան կռիւ մը սոսկ կոչած էր 1915ի պետական յանցագործութիւնը, նոյն անձը չէ՞ որ դպրոցները փակել տալու համար հազար ու մի խաղեր կ՚ընէ, հայերէնի ուսուցիչներ վռնտել կու տայ վարժարաններէն, կամ քու հոգեւոր առաջնորդդ չէ՞ր, ոճրագործին իսկ լեզուով, որպէս կայսերապաշտ ուժերու գործիք բնութագրողը 1915ի զոհերը (այս պատճառով նոյնիսկ Հայաստանի կէս ճամբայէն ետ դարձուցած էին զինքը)։
Երկուութիւնդ աւելի կը խորանայ, երբ կարգը հասնի այնպիսի նիւթերու, որոնք բնաւ քեզ չեն հետաքրքրեր, այսինքն որեւէ կապ չունին հայուն հետ։ «Մեզ չի հետաքրքրեր»ը ըսելու ձեւ մըն է անշուշտ։ Արեւելքի մէջ քաղաքներ կը կործանին, մարդիկ հարիւրներով կը մեռնին՝ «մեզ չի հետաքրքրեր»։ Անքարայի մէջ, մայրաքաղաքիդ իսկ սրտին վրայ, ահաբեկչութիւն կը կատարուի, աւելի քան 100 մարդ կը զոհուի՝ «մեզ չի հետաքրքրեր»։ Թերթեր, հեռատեսիլի կայաններ կը փակուին, լրագրողներ կը ձերբակալուին՝ «ամա՜ն, մեզի ինչ ճանըմ»։ Ընտրեալ քաղաքապետներ, ակադեմականներ, գրողներ, լեզուաբաններ, այլախոհ մարդիկ մէկիկ-մէկիկ բանտ կ՚առաջնորդուին՝ «մեզի՜ ինչ, թող զիրար ուտեն»։ Վաղը մէկ այլ օր քու իսկ քուէներով ընտրեալ երեսփոխաններ թերեւս բանտարկուին եւ ես գիտեմ որ նոյն հակազդեցութիւնը պիտի տաս, պատրաստի այդ նախադասութիւնը պիտի թռի բերնէդ՝ «մեզի ինչ»։
«Մեզի ինչ»ը, գիտեմ, երկուութեանդ ծփացող մասն է։ Սառցալերան մեծը ծովուն տակն է։ Գիտե՛մ։ Այս երկրին համար մեծագոյն զոհը դուն եղած ես։ Այն մտայնութիւնը, որ այսօր խաւար օրերու կ՚առաջնորդէ մեզ, աւելի քան 100 տարի առաջ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ու սոսկալի յանցագործութիւններէն մէկը կը դարբնէր մութին մէջ։ Գիտեմ, վիրաւոր ես հոգիիդ խորքին մէջ։ Ո՞վ ձայն հանեց երբ միլիոններով կը նահատակուէինք, կը մտածես, իրաւա՛մբ։ Չլռեցի՞ն, չուրացա՞ն, չծածկեցի՞ն ու դեռ չե՞ն լռեր, չե՞ն ուրանար, չե՞ն ծածկեր կատարուածները։ 1915ը մոռցի՛ր պահ մը, հապա Ունեւորութեան տո՞ւրքը, 6-7 Սեպտեմբե՞րը, Հրանդ Տինքին ոճի՞րը… Ո՞վ է հաշիւ տուողը եւ ո՞վ է պահանջողը։
Անտարբերութիւնդ անհետաքրքրութենէ չի բխիր, խռովք կայ լռութեանդ մէջ։ Մութին մէջ ձեռքերը շփելով այս մեծ խաւարին դիմաց երջանկացող նենգամիտն ալ չես, գիտե՛մ, երկուութիւնդ, երկմտութիւնդ է քեզ անգործութեան դատապարտողը թերեւս։ Սակայն հիմա՛, ա՛յժմ, ներկայի՛ս, կատարուած անարդարութեան առջեւ պոռացողը, աղաղակողը դուն պէտք չէ՞ ըլլայիր։ Դո՛ւն, որ պատմութեան մեծագոյն անարդարութեան զոհն ես։ Նահատակութիւնդ ուժ պիտի չտա՞յ ընդդէմ բռնապետութեան՝ ժողովուրդներու համակեցութեան պայքարին։
Այսօր ինչպէ՞ս լռութեամբ ընդունիս բանտարկութիւնը փորձառու լրագրող Այտըն Էնկինի՝ մէկը, որ Հրանդին նահատակութենէն ետք ալ շարունակած էր ձեռք մեկնել, օժանդակել քեզի, «Ակօս»ին միջոցով։ Հապա լրագրող Քատրի Կիւրսե՞լը, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը բարձրացած ու յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ «Մեր հայ եղբայրները, հայ ժողովուրդը անմոռուկ ծաղիկը գործածեր են՝ որպէսզի ապրուած ցաւերը, ցեղասպանութիւնը, կորուստները չմոռցուին։ Մենք երբեք չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք ալ։ Մեր հոգիի խորքը կ՚ապրինք այս ցաւը, այս կոտորածը, այս ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած ողբերգութիւնը»։ Տիյարպեքիրի քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի խօսքերն են՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման առթիւ Տիյարպեքիրի մէջ կայացած սգահանդէսին։ Հիմա բանտարկուած է, հեռացուած պաշտօնէն, ուր կոչուած էր տիյարպեքիրցիներու 55 առ հարիւրի քուէով։ Արժանի չէ՞ ուշադրութեանդ, հետաքրքրութեանդ։ Կամ արձակագիր Ասլը Էրտողա՞նը, որու մէկ յօդուածը թարգմանած ու տպած էի՝ ցոյց տալու համար մարդասիրական իր կեցուածքը նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն առջեւ՝ մտածելով, թէ թերեւս կը թրթռացնեմ հետաքրքրութեանդ ջիղը։ Եւ դեռ Նեպիլ Էօզկենթիւրքը, Ճան Տիւնտարը, Նեճմիյէ Ալփայը, Ալթան եղբայրները, միւսները, մարդիկ, որոնք այս բարդ հասարակութեան լուսատուներն են։ Եւ հիմա բանտարկուած են կամ բանտարկուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուին։
Չե՞ս կարծեր, այս ճնշումները նաեւ քեզի կը վերաբերին։ Երկուութիւնը ո՛չ թէ անտարբերութեան, այլ յարմարուողականութեան կ՚առաջնորդէ քեզ։ Եւ վաղ թէ ուշ այս խաւարը քեզ ալ պիտի պատէ ու այն ժամանակ խօսելու կամ բողոքելու առիթ երբեք պիտի չունենաս։
Նաեւ սփիւռքահայերուն է խօսքս։ Կը սիրէք Թուրքիա գալ, այցելել մեր հայրենի բնակավայրը, յուշարձանները, որոնք դեռ կանգուն են, ցուցահանդէսներ, համերգներ սարքել այստեղ, համագործակցիլ տեղացի արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն հետ։ Ուժ կու տաք մեզի այս կերպով։ Սակայն այսօր վտանգուած են այն բոլոր վայրերը, ուր կ՚այցելէք, այն բոլոր անձերը, զոր կը սիրէք եւ որոնց հետ կը համագործակցիք։
Ձայն մը… Պզտիկ նեցուկ մը։
Գոնէ ըսելու համար, թէ չէք ընդունիր կատարուած անարդարութիւնները։
Գոնէ յաջորդ սերունդները գիտնան, որ յանցակիցը, ընդունողը, վաւերացնողը չէիք կատարուածներուն։
«Ակօս»