Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Շնորհահանդէս Գայիանէ Աթանէսեանի «Հայ Բեմի Թագուհին» Գիրքին Առիթով՝ Որ Նուիրուած Էր Վարդուհի Վարդերեսեանին

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

Երբ կ’ըսենք թէ Հայաստանը մշակոյթի երկիր է, բացականչութիւն մը չէ այդ արտայայտութիւնը: Հայաստան գալէս ի վեր ութսուն ձեռնարկի ներկայ եղած եմ՝ մէկ տարուան ընթացքին: Թիւ, զոր կրնաք հնգապատկել, քանի կարելի չէ Երեւանի մէջ կայացած բոլոր ձեռնարկներուն ներկայ գտնուիլ:

Գրքի շապիկը
Գրքի շապիկը

Ահա այդ կայացած երեկոյթներէն մէկը, զոր պատշաճ է վերնագրել հռչակուած բեմադրիչ՝ Վարդան Աճէմեանի խօսքերով. –

-«Վարդուհի ՎԱՐԴԵՐԵՍԵԱՆԸ արտակարգ դերասանուհի է, դերերը չէ, որ բարձրացնում են նրան: Նա ինքն է բարձրացնում դերերը եւ չի կորցնում ուսերը, որքան էլ ծանր լինի բեռը»:

Այդ է պատճառը անկասկած, որ 14 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Աւ. Իսահակեանի անուան Պետ. Գրադարանի սրահը եղած էր ժամադրավայրը բազմատասնեակ դերասաններու, մտաւորականներու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:

Ի՞նչ էր պատահածը: Լրագրող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Գայիանէ Աթանէսեանը հեղինակած էր 240 էջերու վրայ տարածուող գիրք «Հայ բեմի թագուհին» վերնագիրին տակ, որ նուիրուած էր աննման դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանի կեանքին ու 65 տարիներ անոր հայ բեմին նուիրուելուն:

Հեղինակին այս երկասիրութիւնը համեմուած էր հատորին 187րդ էջէն մինչեւ 240րդ էջը գրաւող քսան մտաւորականներու յուշ ելոյթներով: Անոնք բոլորը կարծէք մրցարշաւի մաս կազմած ըլլային մէկը միւսին բերնէն ու հոգիէն բխած մեծարանքի՛, արդար մեծարանքի խօսքերով:

Մէջբերենք քանի մը խօսք, հեղինակին ելոյթէն արձանագրուած գիրքին այս էջերուն վրայ.- «Իր ոչ դիւրին ճանապարհին Վարդուհի Վարդերեսեանը հրաշալի դաշնութեամբ արժեւորել է գոյի, աշխարհընկալման եւ հոգեւոր ինքնահաստատման կարեւորութիւնը, կարողացել աշխարհի հանդէպ իր վերաբերմունքը բխեցնել ազգային մտածելակերպի ու հոգեբանութեան ակունքներից: Հոգեկերտուածքի, տեսակի խնդիր է, ինքն՝ առանց դիմանկարային պաճուճանքների»:

Վարդուհի Վարդերեսեան եւ Գայեանէ Աթանէսեան
Վարդուհի Վարդերեսեան եւ Գայեանէ Աթանէսեան

Կարծէք Գայիանէն ամէն բան ըսած եղաւ Վարդուհիին, վարդաբոյր դերասանուհիին մասին:

Բայց ոչ, բազում ըսելիք ունի Աթանէսեանը.- «Անհնար է «շրջափակման» մէջ պահել մի ժողովրդի, որի համար ամէն ինչից վեր են եղել հոգեւոր գանձերը: Այսօր, աւելի քան երբեւէ, մեր ժողովրդին օդի ու ջրի պէս անհրաժեշտ է թատրոնը, այն ինքնաճանաչման, ինքնամաքրման օրրան է, ուր իւրաքանչիւր դերասան հեքիաթային այդ աշխարհում հաղորդակից է դարձնում հանդիսատեսին, իր հոգու կրակը, իր ապրումներն ու սրտի թրթիռն անմիջականօրէն փոխանցում նրան»:

Հեղինակուհին այդ բոլորը գտած է Վարդուհի Վարդերեսեանին մօտ, քանի որ «Վարդերեսեանը հպարտ է, որ կարողացել է անխաթար պահել իր դիմագիծը, թէեւ ինչ որ տեղ «տուժուել» է»: «Իմ էութեամբ խիստ հաւատարիմ եմ, չուզեցի հեռանալ Մայր թատրոնից, ուր կէս դար է՝ աշխատում եմ, արուեստի ներդրում ունեմ… ես մի սկզբունք ունեմ, սիրում եմ՝ պիտի զոհաբերես»: Գոյց ծայրայե՞ղ է: Բայց միթէ մենք չե՞նք զոհաբերում մեզ, երբ աշխատում ենք անաշխատավարձ, մեղմ ասած, լաւ չենք ապրում, այնուամենայնիւ, չի գայթակղում օտարերկրեայ բարեկեցութիւնը: … Շատ բան հիմա էլ չի գոհացնում՝ «Ի՞նչ է, թողնեմ հեռանա՞մ…»:

Ահա իրա՛ւ կեցուածք մը՝ իրաւ հայուհիի կեցուածք:

Վերադառնանք հանդիսութեան:

Շնորհանդէսը սկսաւ Վարդուհի Վարդերեսեանի գեղահունչ ձայնով: Պաստառէն աղբիւրի պէս կարկաչող Վարդերեսեանը կ’ասմունքէր արեւմտահայ բանաստեղծներու գործերը: Հոգեպարար էր այդ ձայնը, որ պահ մը լեցուց ամբողջ սրահը, լեցուց բոլոր ունկնդիրներուն հոգիները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աւ. Իսահակեանի անուան Պետական գրադարանի տնօրէն՝ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ՝ Յասմիկ Կարապետեանը, որուն խօսքը հեռու էր յաւուր պատշաճի ըլլալէ, հոգիէ ու միտքէ բխած խօսքերով: Յասմիկ Կարապետեանը մեր երկրին պարծանքներէն մէկն է: Ան, այս հաստատութեան մէջ շաբաթ մը չ’անցնիր, որ չկազմակերպէ ձեռնարկ մը, գրադարանը վերածելով գործօն մշակութային օճախի:

Ապա լսեցինք ելոյթը (նիւթը միշտ Վարդուհի Վարդերեսեանն էր եւ Գայիանէ Աթանէսեանի հեղինակած շքեղ հատորը) պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Էդիկ Մինասեանը, ապա ՀՀ մշակոյթի վաստակավոր գործիչ՝ Արփէն Մովսէսեանը, հաղորդավար, բեմադրիչԿարէն Քոչարեանը, բեմ եկաւ Գէորգ Կարապետեանը, որ իր տուտուկի ջերմ ելեւէջներով լեցուց սրահը՝ «Հովեր» ստեղծագործութեամբ, որ կարծէք կը բխէր Հայաստանի հողէն:

Հեղինակային երգի կատարումով դահլիճը ծափահարելու մղեց երգչուհի Սիրանոյշ Եղիազարեանը: Յուզիչ ելոյթ ունեցաւ հրատարակուած գիրքին հեղինակը՝ անդրադառնալով հատորին բովանդակութեան: Գիրք, զոր սպասած էր Վարդուհի Վարդերեսեանը:

Հանդիսութիւնը վարողն էր թատերագիր, Երեւանի Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնի փոխ տնօրէն Նելլի Շահանազարեանը:

Երեկոյթը իրենց ներկայութեամբ ուրախալի կը դարձնէին շատեր, որոնցմէ յիշենք ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտՄեդիա Աբրահամեանը, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Գայիանէ Մկրտչեանը, գերմանաբնակ հայագէտ, ճարտարապետ Արա Բերքեանի կինը՝ Լիզա Բերքեան, Սունդուկեանցի դերասան Ռոման Պապայեանը, ռատիօ «Այգ»ի տնօրէն՝ Շաքէ Մանկասարեանը:

Երբ ուրիշներու կարգին ձայն մըն ալ Հալէպէն եկողի մը տրուեցաւ, կրցայ պատմել փոքր յուշ մը. Վարդուհի Վարդերեսեանը Հալէպի ՀԲԸ միութեան ՀԲԸ-ի Ադամեան թատերախումբին կողմէ եղած հրաւէրին ընդառաջելով կը գտնուէր մեր մօտ: Իր ներկայութիւնը բազմութիւններ հաւաքած էր իր շուրջ:

Եւ ահա աննման Վարդուհին ցանկութիւն ունեցաւ բարձրանալ Քեսապ: Այդ նկատելով երկարաձգուող Կիլիկիա: Գացինք: Դերասանուհին այցելելէ ետք բոլոր եօթը գիւղերը, յայտարարեց. «Բայց այս գիւղերը Հայաստանը կը ներկայացնեն»: Գալատուրան գիւղէն իջանք Միջերկրական ծով: Օդը պայծառ էր: Հեռուէն ցոյց տուինք երեւցող Մուսա լեռը: Յուզուեցաւ Վարդուհին, յիշելով այդ գիւղախումբին մօտիկ անցեալը:

Վերադարձին ճամբուն վրայ Գալատուրան մէջ հանդիպեցանք ութսուննոց մարդ մը՝ բահը ուսին, ձեռքին դոյլ մը: Վարդուհին ըսաւ. «Այս մարդը հետաքրքրական կ’երեւի, կեցնենք ինքնաշարժը, խօսինք հետը»: Արեւի վերջին ճառագայթները բահին վրայէն կը բազմապատկէին լոյսին շողերը: Կեցանք: Հարցեր տալէ ետք ըսինք.- Հայրենակից, սա կինը որ կը տեսնէք Վարդուհի Վարդերեսեանն է:

Օ՜, օ՜,- ըսաւ մարդը,- ի՞նչ կըսէք, ես թատրոնը շա՜տ կը սիրեմ:

Զարմանքի ձայն մը հանեց ութսուննոց հայը, երբ իր դերասան ըլլալը հասկցաւ: Վարդուհին թէ. «Եթե Հայաստան գայիք ու պատմէիք այս եղածը պիտի չհաւատայի, բայց մարդը աչքովս տեսայ, ու լսեցի անոր ըսածը»:

Ներկաներէն մեկն ալ ըսաւ. ո՞վ է ղեկին մօտ: Բիձան նայեցաւ, ըսաւ. չճանչցայ, ո՞վ է: Թորանեան Թորոսն է:

Օ՜, օ՜,- շատ նեղուած եմ իրմէ, ինչո՞ւ Հալէպի «Հայ Ծերանոց» թերթին վերջին թիւին մէջ յօդուած մը չունէր մեզի համար, մեզ ծեր կը կարծէր…

Բոլորս ուրախացած էինք:

Բայց մեծագոյն ուրախութիւնը, ցնծութիւնը ապրեցան երեկոյթի ներկաները, ուր մթնոլորտը Վարդուհի Վարդերեսեանական էր: Երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ:

Հոս Հայաստանն է: Մշակոյթի հնամենի, երիտասարդ մնացող երկիր, միշտ դժուարութիւններու մէջ անգամ յոյսին կառչած երկիր: Այդպէս է միշտ մեր երկիրը դարերէ ի վեր: Բոլոր դժուարութիւնները անգոսնող երկիր: Մշակոյթով ապրող, ստեղծող երկիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին