Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Յաջորդ Տարի Եւրոմիութենէն Պիտի Ստանայ 9.1 Միլիառ Դրամի Չափով Դրամաշնորհ

Հայաստանը 2017ին Եւրոպական Միութենէն պիտի ստանայ 9.1 միլիառ դրամի պաշտօնական դրամաշնորհ: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ 2017 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ ելեւմուտքի  նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեանը: «Պաշտօնական դրամաշնորհները նախատեսուած չեն նպատակային ծրագրերի համար: 2016 թուականին Հայաստանը Եւրոպական Միութիւնից ստացել է 12.6 միլիարդ դրամի պաշտօնական դրամաշնորհ»,- 1in.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Ջանջուղազեանը:

Ան աւելցուցած է, որ նպատակային ծրագիրներու համար Հայաստանը 2017ին Եւրոպական Միութենէն պիտի ստանայ 9.7 միլիառի դրամի չափով դրամաշնորհ:

Ջանջուղազեան ընդգծեց, որ այդ գումարները Հայաստան պիտի ստանայ ինչպէս Եւրոյանձնաժողովէն, այնպէս ալ եւրոպական ծագում ունեցող այլ կառոյցներէ:

2017ի ընթացքին Հայաստանը ԵՄ-էն պիտի ստանայ 4.3 միլիառ դրամի վարկային միջոցներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին