Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալները, 2015 թուականի Յունուար-Սեպտեմբերի համեմատ քոնեակի արտադրութեան ծաւալները աճած են 25.1 տոկոսով` արտադրուելով 10 միլիոն 796 հազար 1 լիթր:
2015 թուականի ընթացքին, Հայաստանի մէջ քոնեակի արտադրութեան ծաւալները նուազած էին 9.4 տոկոսով եւ կազմած 16 մլն 947.6 հազար լիթր: 2014 թուականին անկումը կազմած էր 8 տոկոս եւ արձանագրուած 18 միլիոն 7215.5 հազար լիթր ցուցանիշ, իսկ 2009-2013 թուականներու ընթացքին Հայատանի մէջ քոնեակի արտադրութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած էր շարունակական աճ:






