Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

«Լիբանանեան Արտադրութիւն»

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գործողութեան ընկերակցեցաւ «Լիբանանեան Արտադրութիւն» կարգախօսը:

Հետաքրքրական նաեւ զգացական կարգախօս մը, որ կը համընկնի առկայ զգացական վիճակին՝ ինչ կը վերաբերի տարիներու թափուրէ ետք վերջապէս նախագահ մը ունենալու փաստին:

Խնդիրը, սակայն, կարգախօսին իրականութեան հետ չհամապատասխանելուն մէջ կը կայանայ: Բացատրեմ, թէ ինչպէս, սիրելի ընթերցող.

Շուրջ երկուք ու կէս տարիներու ընթացքին գումարուած խորհրդարանական իրարայաջորդ 45 նիստերը նուիրուած՝ Լիբանանի նախագահական  ընտրութիւններուն, որոնք երեսփոխաններու մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով ամուլ դուրս եկած էին, յանկարծ երէկ 127 երեսփոխաններով (լիակազմ եթէ նկատի ունենանք մէկ երեսփոխանի հրաժարած ըլլալու փաստը) ֆուլ հաուս ժողով գումարելը՝ ընտրելու համար անձ մը մը, որ թեկնածու էր առաջին իսկ օրէն, ինչպէ՞ս կարելի է  «Լիբանանեան Արտադրութիւն» համարել…: Ինչպէ՞ս կարելի է նման «հրաշք» մը զուտ լիբանանեան համախոհութեան արդիւնք նկատել…:

Ի՞նչ եղաւ յանկարծ, որ 127 հոգի իրենց խօսքը մէկ ըրած՝ 45 ամուլ նիստերէ ետք, առանց բացառութեան, ժողովի ներկայ եղան եւ ընտրեցին երկրին նախագահը: Եթէ իրապէս լիբանանեան արտադրութիւն է, ի՞նչ պէտք կար 45 նիստերու եւ երկուք ու կէս տարուան ուշացումի, որ անդամալուծած էր ամբողջ երկիրը: Ինչո՞ւ առաջին օրէն չարտադրել…:

Մտածելու բան է, չէ՞…:

Ամէն պարագայի լիբանանեան արտադրութիւն  կամ ոչ եւ ամէն անձնական, գաղափարական կամ զգացական նկատառումէ անդին, մեզի համար կարեւորը այսօր երկիրը ունեցաւ նախագահ մը, պահպանուեցաւ սահմանդրութիւնը՝ քաղաքացիին տալով քիչ մը յոյս անոր ապագային նկատմամբ…:

Տայ Աստուած, որ կառավարութեան կազմութիւնն ալ շուտով կատարուի, հոգ չէ, թէ դարձեալ այսպէս կոչուած կամ ոմանց հաւատացած «Լիբանանեան արտադրութեամբ», որպէսզի քաղաքացիին ընկերային ու տնտեսական  հարցերով զբաղող եւ հաշուետու կողմ մը ըլլայ, որ գոնէ շրջանի մը համար երկիրը ապրի համեմատաբար աւելի լաւ մթնոլորտի մէջ՝ մինչեւ նոր «լիբանանեան արտադրութիւն» կամ նոր լիբանանեան թնճուկ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին