Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հակառակորդը Փորձած է Ականազերծում Իրականացնել, Սակայն Ետ Շպրտուած է․ ԼՂՀ ՊԲ

Շաբաթավերջին  ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 100 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2300 կրակոց: Շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ` չէզոք գօտիի մէջ, դիտարկուած են ականազերծում կատարող ազրպէյճանական խումբ մը զինծառայողներ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, թէ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդը ետ շպրտուած է:

ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին