Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Կառավարութիւնը Նպատակ Ունի 2017ին Ապահովել 3,2% Տնտեսական Աճ. Կարէն Կարապետեան

Կառավարութիւնը նպատակադրած է ապահովել 2017ին  3,2% տնտեսական աճի մակարդակ. Ազգաին ժողովին մէջ 2017ին պիւտճէի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Ան խոստովանեցաւ, որ նշուած ցուցանիշին հասնելու համար մեզմէ բաւական ջանքեր կը պահանջուի, բայց վստահեցուց` «ամէն ինչ պիտի ընենք ատոր հասնելու համար», կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Իսկ մինչ այդ վարչապետը նշեց, որ վերջին երկու տարիներուն ՀՀ տնտեսութիւն ներթափանցած ցնցումները պայմանաւորուած են ՌԴ տնտեսութեան անկմամբ եւ փոխանցումներու նուազեցմամբ: Այդ նպատակով, ըստ անոր, հակապիւտճետային քաղաքականութիւնը եղած է հակաշրջանակային, որ բերած է պետական պարտքի աւելացման:

Կարէն Կարապետեան նշած է, թէ իրենց խնդիրն է բոլոր անհրաժեշտ քայլերը կատարել, որպէսզի տնտեսական կայունութիւն ապահովեն եւ նուազող պիւտճէի միջոցով պարտքի կայունցման հասնին:

«Թափանցիկ գործելակերպով, հարկատուներու պիւտճէի մուտքերը պէտք է օգտագործել խնայողաբար, նպատակային, արդիւնքները` տեսանելի հանրութեան համար»,-ըսած է ան:

Վարչապետը նշած է, թէ կոշտ քաղաքականութեամբ պիտի փորձեն պակասուրդի աճ չունենալ, ինչպէս նաեւ գործարարութիւնը առաւելագոյնը պիտի չճնշէ, որ կարենան վերարտադրել, եւ ստեղծել բնական հարթակ` աւելի աշխոյժ տնտեսական աճ ապահովելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին