Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Կառավարութիւնը Սուրիահայ Ուսանողներու Ուսման Վարձի Փոխհատուցման Համար Պիտի Յատկացնէ 20 Միլիոն Դրամ

Կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ ուսանող սուրիահայ ուսանողներու ուսման վարձը փոխհատուցելու համար պիտի յատկացնէ 20 միլիոն դրամ: Որոշման նախագիծը ընդգրկուած է Կառավարութեան Հոկտեմբեր 27ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ներկայիս Հայաստանի մէջ 500 սուրիահայ ուսանողներէն ուսման վարձի կարիք ունին շուրջ 400ը: Ըստ նախագիծի հիﬓաւորման, ինչպէս նախկին տարիներուն, այս տարի նոյնպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը պատրաստ են սուրիահայ ուսանողներու 2016-2017 թուականներու ուսումնական տարուան ուսման վարձերու մասնակի փոխհատուցման համար տրամադրել, իւրաքանչիւրին՝ 125 հազար տոլար:

Սակայն ուսման ամբողջ վարձի փոխհատուցման համար անհրաժեշտ է պետական պիւտճէէն յատկացնել եւս 20 միլիոն դրամ: Ըստ կառավարութեան, ուսման վարձի խնդիրի լուծումը պէտք է շարունակել, քանի որ անիկա կը մնայ իբրեւ սուրիահայ ընտանիքներու, երիտասարդներու ընկերային, թերեւս, ամենահրատապ եւ շարունակական լուծում պահանջող հիմնահարցերէն մէկը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին