Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լոռիի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, շրջագայեցաւ Վանաձորի բժշկական կեդրոնի շինհրապարակին մէջ, ուր կը կառուցուի նոր բժշկական համալիր: Վանաձորի մէջ նախագահը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ֆութպոլի ակադեմիայի բացման արարողութեան: նախագահին ներկայացուեցաւ ակադեմիայի 1260քմ ընդհանուր մակերեսով եռայարկ մասնաշէնքին մէջ ստեղծուած ենթակառուցուածքները, ուր կրնան մարզուիլ մինչև 600 պատանիներ և աղջիկներ: Այստեղ կը բացուի շուրջ 40 աշխատատեղ՝ 130էն 150 հազար դրամ միջին աշխատավարձով:






