Թ.Մ.Մ.ի Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը 27 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա .Կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Թ.Մ.Մի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թ.Մ.Մի Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, որուն մաս կը կազմէին՝ Օրդ.Լենա Այտընեան, Պրն. Արա Գոյունեան եւ Պրն. Թովմաս Գասապեան:
Թ.Մ.Մի պատուիրակութեան այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր շնորհաւորել Նորին
Սրբութիւնը՝ անոր գահակալութեան 20ամեակին առիթով:
Աւելի քան ժամ մը տեւած ընդունելութեան ընթացքին, Թ.Մ.Մ.ի պատուիրակութիւնըՎեհափարին հետ քննարկեց Հայ ազգը եւ Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք Թ.Մ.Մի վարչութեան այս այցելութիւնը, շեշտեց որ նման այցելութիւններ կարեւոր են, որպէսզի Հայ եկեղեցին մօտէն ծանօթանայ մշակութային միութիւններու հայապահպանման եւ հայակերտման ի նպաստ իրագործած եւ իրագործելի ծրագիրներուն, որովհետեւ մշակութային գործունէութիւնը եւ անոր յառաջմղումը մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին համար նախապայման է։
Հանդիպման աւարտին, Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան Թ.Մ.Մի վարչութեան եւ Թ.Մ.Մի անդամներուն անունով անգամ մը եւս շնորհաւորեց վեհափարին գահակալութեան 20 ամեակը:
Այստեղ անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ հանդիպման աւարտին Թ.Մ.Մ.ի վարչութեան անդամ ծանօթ արուեստագիտուհի Օրդ. Լենա Այտընեան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի թանգարանին որպէս նուէր՝ Վեհափարին յանձնեց իր իւղաներկի գործերէն » Յաւերժութիւն» նկարը:
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւն