Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Եւս Տասներկու Սուրիահայեր Ժամանեցին Հայաստան

Հոկտեմբեր 28ին Սուրիայէն Հայաստան ժամանած են Նարինեաններու, Ղարիբեաններու Եւ Սապաներու Ընտանիքները :

Ընտանիքներուն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած են՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող» ՀԿ-ի աշխատակից Նորա Փիլիպոսեան եւ Հայ Աւետարանական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Լուսինէ Օհանեան: Դիմաւորելու եկած էին նաեւ սուրիահայ ընտանիքներուն հարազատները:

Լեւոն Անտոնեան «Հայերն այսօր»-ի  հետ զրոյցին ըսաւ, որ սուրիահայ ընտանիքները ժամանակաւորապէս իրենց հարազատներու բնակարաններուն մէջ պիտի բնակին, մինչեւ անոնց համար բնակարաններ վարձակալուին: Բնակավարձը պիտի տրամադրէ Հայ Աւետարանական ընկերակցութիւնը:

Մէկ ընտանիք ժամանակաւոր բնակութիւն պիտի հաստատէ Հարաւ-արեւմտեան թաղամասին մէջ ապրող հրազատներուն տունը: Միւս երկու սուրիահայ ընտանիքները ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան տրամադրած հանրակառքով օդակայանէն տեղափոխուած են Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան եւ Արմաւիրի մարզի Փարաքար գիւղ, ուր կ’ապրին իրենց բարեկամները:

Աւելցնենք նաեւ, որ Հայաստան տեղափոխութեան ծախսերը հոգացած է Հայ Աւետարանական ընկերակցութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին