Հոկտեմբեր 27ի լոյս 28ի գիշերը, ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 60 անգամ:
Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 700 կրակոց:
Սահմանագիծի հարաւային եւ հիւսիսային ուղղութիւններով ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է խոշոր տրամաչափի գնդացիրներ (141 կրակոց):
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմած են պատասխան գործողութիւններու:






