Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ռուսիա Կ’արդիականացնէ Հայաստանի Հրասայլերը. Իզվեսթիա

Հայաստանն ու Ռուսիան Հայաստանի զինուած ուժերու Տ-72 հիմնական մարտական հրասայլերու արդիականացման լայնածաւալ ծրագիր սկսած են: Հրասայլերը կը բերուին  Տ-72Բ4 մակարդակին. այդ հրասայլերով մասնակիցները հանդէս կու գան «Հրասայլային երկրամարտի» (Tank Biathlon):

Ինչպէս ըսած է ՀՀ ՊՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը, հրասայլերու արդիականացման աշխատանքները արդէն սկսած են: Ըստ անոր, հրասայլերու ընդհանուր քանակն ու աշխատանքի աւարտի վերջնաժամկէտը յստակացուած չեն, կը յայտնէ «Արմռատիօ»-ն՝ վկայակոչելով «Իզվեսթիա»-ն:

Ըստ աղբիւրին, խօսքը տասնեակ հրասայլերու մասին է: Տ-72Բ4-ն աւելի լաւ մանեւրային բնութագիրներ եւ մարտական ցուցանիշներ ունի: Հիմնական աշխատանքները կը կատարուին Հայաստանի մէջ, բան մը, որ թոյլ կու տայ հայկական կողմին պակաս ծախսատար դարձնել գործընթացը, հետեւաբար աւելի շատ հրասայլեր արդիականացնել:

Հայկական հրասայլերու շարժիչի հզօրութիւնը կը հասցուի 1130լ/վ, ի շնորհիւ հնարաւոր դարձած սառեցման համակարգի կատարելագործման: Տ-72Բ4-ն լրացուցիչ կը ստանայ յատուկ նախշ ունեցող նոր թրթուռներ, որոնք աւելի մանեւրային կը դարձնեն հրասայլը:

Բ4 տեսակը ունի ժամանակակից նշանացոյց, որուն շնորհիւ հրասայլը աւելի լաւ կը կողմնորոշուի գիշերային գործողութիւններուն ժամանակ: Որպէսզի հրամանատարը աւելի լաւ տիրապետէ իրավիճակին, Տ-72-ի վրայ տեղադրուած է շրջանակային տեսանելիութեան սեղմ համալիր, որ թոյլ կու տայ թիրախները որոշել օրուան որեւէ ժամին եւ յայտնել նշանառուին: Այդ համալիրը կրակի կառավարման «Կալինա» համակարգի մաս կը կազմէ, որ կը տեղադրուի Տ-90ՄՍ հրասայլերու վրայ եւ կրնայ աշխատիլ նաեւ կառավարուող զէնքի ու հեռահար պայթեցուող զինամթերքի հետ:

Անկախ ռազմական փորձագէտ Ալեքսէյ Խլոպոնին իր հերթին աւելցուցած է, որ Տ-72Բ4-ն Տ-90-ի համեմատ աւելի արագաշարժ է` աւելի հզօր շարժիչի եւ փոքր զանգուածի շնորհիւ: Բ4-ը նաեւ ունի կրակի կառավարման աւելի արդիւնաւէտ համակարգ, աւելի մեծ տեսադաշտ եւ աւելի լաւ կը դրսեւորէ իրեն գիշերային մարտի ժամանակ՝ արդիական նշանացոյցի շնորհիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին