*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Մինչ հազարաւոր Իրաքցի հայրենասէրներ Պաղտատի մէջ բոցավառ ցոյցերով «Էրտողան դո՛ւրս ելիր Մուսուլէն» կը գոռան՝ անդին, իբր թէ Տաէշը հարուածելով քրտական ընդդիմադիր զինեալ ջոկատները օդային յարձակումներու թիրախ դարձնելով, Արեւմուտքի «շփացած զաւակ» Էրտողան, զգայացունց եւ լկտի յայտարարութիւն մը եւս կ’ընէ…: Կոչ ընելով ջնջել Լոզանի 1922-ի չարաբաստիկ դաշնագիրը, ան կը պահանջէ թուրքիոյ, Օսմանեան պետութեան իրաւական ժառանգին վերադարձնել Մուսուլն ու Հալէպը… Շուրջ 4000 տարուան քաղաքակրթութիւն ունեցող երկու քաղաքներն ալ, որոնք հիմնադրուած են Նինուէի թէ Քաղդէական-Արամէական հնագոյն մայրաքաղաքներու աւերակներուն վրայ, զաւթուած Օսմանացիներու կողմէ, միայն 400 տարիներ առաջ՝ արդէն իսկ «Սեփականութիւն» կը համարուի կեդրոնական Ասիոյ վայրի տափաստաններէն եկած թուրքերուն համար:
Սեւրի դաւադրաբար ջնջուած դաշնագիրին տեղ լոյս տեսած Լոզանի չարաբաստիկ դաշնագիրը, փաստօրէն ծնունդ տուաւ աթաթուրքեան «Ճումհարիէթ»ին, Անգարա մայրաքաղաքով եւ ո՛չ մէկ յօդուած, որ կը վերաբերի թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն կարգավիճակի բարելաւման՝ գործադրուեցաւ Աթաթուրքին կողմէ: Հայերու թէ քրիստոնեաներու գոյքերը որպէս լքեալ համարուեցան եւ աճուրդով վաճառուեցան, կամ ալ որպէս կաշառք-նուէր բաշխուեցաւ ոճրագործներու պարագլուխ Աթաթուրքին կողմէ, իր ցեղասպանութեանց նոյն արշաւի դահիճներուն, որ « անկախութեան պատերազմ» յայտարարուեցաւ: Աւելին, 1937-1939 թթ.ին, կազմակերպուած զեղծարարական հանրաքուէով, Ալեքսանդրէթի Սանճագը յանձնուեցաւ Թուրքիոյ՝ խլուելով Սուրիայէն, որուն պատճառով շուրջ 100 000 հայեր երիցս տարագրուեցան Սուրիա ու Լիբանան, դարձեալ ճաշակելով քաղաքացիական պատերազմներու տառապանքներն ու անվերջանալի մղձաւանջը, մինչեւ այսօր:
-«Ագռաւը սնուցանէ, որ աչքդ փորէ» կ’ըսէ ժողովրդական առածը: Աթաթուրքէն մինչեւ Քենան Էվրէն եւ Էրտողան, այդ Թուրքիա կոչուած մարդասպաններու, ցեղասպաններու որջը, անընդհատ շփացուեցաւ ու սնուցուեցաւ Արեւմուտքին կողմէ՝ պատուար կանգնելու իբր թէ Խ. Միութեան եւ Ռուսիոյ, իսկ Սիոնիստական պետութիւնն ալ ջանք ու ճիգ չխնայեց նիւթապէս օժանդակելու արաբներուն դէմ, որպէս «վախցնող խրտուիլակ»:
Սակայն արդարութիւնը երբե՛ք չի մահանար: Իրաքի թէ Սուրիոյ, Քիւրտիստանի թէ պատմական Աստորեստանի, տարագրեալ հայերու որդիներն ու զաւակները, այսօր միահամուռ ջանքերով, ապառաժի նման դէմ կանգնած են Անգարայի ոճրագործներուն եւ անոնց շնիկներուն՝ Ալ Պաղտատի կոչուածի կեղծ «խալիֆայի» գլխաւորութեամբ: Անգամ մը եւս Թուրքիան պիտի պարտուի, Էրտողաններ պիտի նետուին պատմութեան աղբակոյտին մէջ:






