Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հարցազրոյց «Թէքէեան կեդրոն» Հիմնադրամի Տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանի Հետ` Կեդրոնի Գործունէութեան Եւ Հիմնադրման Պատմութեան Մասին

Զրոյցը Վարեց՝ Տաթեւ Դաւթեան

  • Պարոն Ծուլիկեան, կը պատմէք ե՞րբ եւ ու՞ր  հիմնադրուած է «Թէքէեան կեդրոն» Հիմնադրամը:
  • «Թէքէեան կեդրոն»ը հիմնադրուած է Երեւանի մէջ , բայց կեդրոնի ստեղծման գաղափարը բոլորովին ուրիշ պատմութիւն ունի: Այն 90ականներէն ծագած գաղափար է, երբ լոնտոնահայ գաղութին մէջ Թէքէեան Խնամակալ Մարմինը մշակեց  ծրագիր մը` Լոնտոնի մէջ հայկական  կեդրոն մը ստեղծել, որ կեանքի կը վերակոչէ հայ արուեստն ու գրականութիւնը, գիտութիւնն ու կրթութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ հայութեան միաւորման, քանի  որ լոնտոնահայ գաղութը այնքան մեծ չէր որքան հիմա եւ չկային նման ենթակառոյցներ:

Ի սկզբանէ Լոնտոնի Խնամակալ Մարմինի ծրագիրն էր` մշակութային կեդրոն ստեղծել Լոնտոնի մէջ, սակայն  քանի մը ապարդիւն փորձորէն յետոյ, որոշում կայացուեցաւ ծրագիրը իրականացնել Հայաստանի մէջ: Այստեղ մեծ դեր խաղցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, երբ բրիտանահայ գաղութին մէջ շատ շրջանակներ մտածեցին, որ այս կեդրոնը եւ այն գումարները, որոնք հաւաքուելու են Լոնտոնի մէջ կեդրոնի ստեղծման համար աւելի լաւ է ուղղել անկախ Հայաստանին: Այսպիսով կեդրոնը դարձաւ առաջին Սփիւռքահայ ներդրումներէն մէկը:

Արդէն 1992 թուականէն Լոնտոնի Թէքէեան Խնամակալ Մարմինը ձեռնամուխ եղաւ գնելու եւ վերակառուցելու Երեւանի սիրտը  գտնուող «Կռունկ»ը, որ ժամանակին երեւանցիներու ամենասիրելի ժամանցի վայրերէն էր: Կեդրոնի պաշտօնական բացումը եղաւ 1997թ. Հոկտեմբերին: Իսկ 2001ին կեդրոնը վերածուեցաւ հիմնադրամի, այսինքն՝ դարձաւ բարեգործական կազմակերպութիւն: Այս տարիներուն ալ կեդրոն-հիմնադրամը խորասուզուեցաւ բարեգործական գործունէութեան մէջ, մասնաւորաբար` մշակութային, կրթական, հասարակական եւ ընկերային ոլորտներու մէջ:

  • Որո՞նք են հիմադրամի հիմնական շահառուները:
  • Սկզբնական շրջանին, կեդրոնի հիմնական շահառուն Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնն էր, որու գործունէութեան կը նպաստէր «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը: Անկէ յետոյ շահառուները աւելացան եւ ներկայիս կեդրոն-հիմնադրամի շահառուներն են՝ Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ գտնուող Վահան Թէքէեանի անունը կրող հինգ հանրակրթական դպրոցները: Թէեւ մեր գործունէութիւնը կը ծաւալի այս հինգ դպրոցներուն մէջ, սակայն ասով մեր աշխատանքը չի սահմանափակուիր, մենք տարուան ընթացքին կը կազմակերպենք նաեւ ցուցահանդէսներ, գիրքի շնորհանդէսներ, երեկոյթներ եւ այլ մշակութային, հասարակական, կրթական ձեռնարկներ: Այսօրուան ընդհանուր պատկերը այս էր:
  • Ինչպէ՞ս կ’իրականացուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ համագործակցութիւնը:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապը մեր հիմնադրամին ի սկզբանէ դրուած է: Այսինքն «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը հիմնադրուելով Հայաստանի մէջ՝արդէն իսկ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկն է: Այսօր Հիմնդրամի գլխաւոր կեդրոնը Լոնտոնի մէջ կը գտնուի եւ կեդրոնի կառավարման մարմինը կը հանդիսանայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդը, որուն անդամները ընտրուած են Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

IMG_6031

  • Իսկ ի՞նչ կը ներկայացնէ Հոգաբարձուներու խորհուրդը:
  • Ինչպէս արդէն ըսի՝ Հոգաբարձուներու Խորհուրդը կը հանդիսանայ «Թէքէեան կեդրոն» Հիմնադրամի կառավարման բարձրագոյն մարմինը: Ըստ Հայաստանի օրէնսդրութեան, բոլոր հիմնադրամները ունին ղեկավար մարմիններ, որոնցմէ է Հոգաբարձուներու Խորհուրդը: Խորհուրդը կը մշակէ Հիմնադրամի գործունէութեան հիմնական քաղաքականութիւնը: Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած է տասը անդամ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն (սկսած Միջին Արեւելքէն յետոյ Կիպրոս, Լիբանան, ապա Եւրոպա` Ֆրանսա, Զուիցերիա, Մեծ Բրիտանիա):

Հոգաբարձուներու Խորհուրդը տարեկան ընդհանուր ժողովներ կը գումարէ: Այդ ժողովներու ընթացքին կը ներկայացուին կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ հաշուետուութիւններ, կը հաստատուին նոր ծրագիրներ եւ կը քննարկուին կազմակերպչական հարցեր: Խորհուրդի նախագահը լոնտոնահայ Վարդան Ուզունեանն է, որ մեծապէս նպաստած է այս հսկայական Հիմնադրամի ստեղծմանը:

Ի՞նչ ծրագիրներ իրականացուած են 2016թ. համար:

Այժմ արդէն հնարաւոր է ամփոփել տարուան ընթացքը, սակայն մինչ տարին աւարտիլը, մենք ունինք քանի մը ծրագիր եւս: Այս տարի իրականացուցած ենք մեր աւանդական դարձած ծրագիրները հինգ դպրոցներու հետ, որոնց մասին արդէն խօսեցայ: Ամէն տարի կ’իրականացնենք 5-6 ծրագիր, տարին կը բացուի միջդպրոցական առարկայական օղիմպիադով, ուր դպրեցի աշակերտները կը մրցին իրենց գիտելիքներով ` ուսողութենէն, անգլերէնէն եւ հայերէն գրականութենէն: Օղիպիադի աւարտէն ետք, յաղթողները կը պարգեւատրուին`ստանալով մրցանակներ։

Կ’իրականացնենք նաեւ այլ ծրագիր, որ կը կոչուի Մարզական խաղեր` վերջին տարիներուն վերանուանեցինք Թէքէանական խաղեր, ուր հինգ դպրոցներու աշակերտները կը մրցին տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

Բացի այս երկու ծարագիրներէն՝ ունինք նաեւ այլ ծրագիրներ, որոնցմէ մէկը ճանաչողական է: Դպրոցներու աշակերտներուն կը ծանօթացնենք Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային վայրերը, նկատի առած որ վերջին տարիներուն բաւական բարդ տնտեսական եւընկերային պայմաններուն պատճառով, շատ ընտանիքներ չեն կրնար  երեխաներուն  ծանօթացնել իրենց բնակավայրէն դուրս գտնուող Հայաստան աշխարհի տեսարժան վայրերը: Այս ծրագիրը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աշակերտներուն ուսումնասիրել հայրենիքը, որ կ’ազդէ անոնց յառաջադիմութեան վրայ: Բացի միջդպրոցական, աւանդկան կրկնուող ծրագիրներէն, մենք նաեւ այդ դպրոցներուն կ’օժանդակենք դասագիրքերով` այսինքն անվճար կը տրամադրենք դասագիրքեր այն աշակերտներուն, որոնք վճարելու հնարաւորութիւն չունին դասագիրքերու համար:

  • Իսկ ինչպէ՞ս կ’ընտրուին աշակերտները:

Երեխաներու ծրագիրին մէջ մասնակցութիւնը  կ’իրականացուի Հիմնադրամի ծրագիրներու բաժինի ղեկավարներու կողմէն: Ընտրութեան ընթացքը կը կատարուի բաւական բծախնդիր կերպով: Մեր նպատակն է նպաստել, որ աշակերտները լաւ սորվին: Ընտրութեան առաջին սկզբունքը ուսման առաջադիմութիւնն է, երկրորդ սկզբունքը՝ աշակերտներու ընկերային վիճակ: Դժբախտաբար այսօր շատ ընտանիքներ հնարաւորութիւն չունին, որ իրենց երեխաները մասնակցին տարբեր ծրագիրներու եւ այցելեն իրենց բնակավայրերէն դուրս այլ վայրեր: Կը փորձենք ընտրել այնպիսի աշակերտներ, որոնք կարիքաւոր ընտանիքներէն են. փորձը ցոյց տուած է, որ նիւթապէս անապահով աշակերտները ընդհանրապէս բարձր յառաջադիմութիւն կ’ունենան. այսինքն՝ կ’ընտրենք բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող եւ ընկերային դժուար կացութեան մէջ գտնուող աշակերտներ, որոնք ալ յետագային լաւ մասնագէտներ կը դառնան տարբեր ոլորտներու մէջ:

IMG_2148

  • Գիտեմ որ դպրոցներու հետ կապուած ծրագիրներէն բացի՝ կեդրոնի մէջ կ’իրականացուին մշակութային ծրագիրներ եւս : Ի՞նչ կ’ըսէք այդ մասին:
  • Արդէն ամէն տարի «Թէքէեան կեդրոն»ին մէջ կ’իրականացնենք տարբեր ցուցահանդէսներ: Անոնք ընդհանուր առմամբ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ են, քանի որ լուսանկարչութիւնը արուեստի ճիւղ մըն է, որ արհեստագիտութեան զարգացման հետ առաջընթաց  կ’ապրի, բայց Հայաստանի մէջ համեմատաբար քիչ կը ներկայացուի: Մենք փորձեցինք Հայաստանի մէջ տարածել լուսանկարչական ոլորտը: Սկսանք մէկ լուսանկարիչի ցուցահանդէսէն, ապա՝ շարունակաբար:

Այս տարի առաջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Շուշիի մէջ` «Արարատը հայի աչքերով»խորագիրով, որ նուիրուած էր անկախութեան 25ամեակին:

  • Ի՞նչ ունիք աւելցնելիք մեր այս շահեկան զրոյցի աւարտին:
  • Զրոյցի վերջաւորութեան կը ցանկայի շնորհակալութիւն յայտնել «Զարթօնք»ին՝ մաղթելով յաջողութիւններ ու հետաքրքիր յօդուածներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին