*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
2013ին, 13 անդամներէ բաղկացած խումբ մը՝ (տես նկարը) գլխաւորութեամբ գաղութիս յայտնի մտաւորական Յարութ Տէր Դաւիթեանի, յաջողեցան մագլցիլ 5,165 մեթր (16,854 ոտք) բարձրութիւն ունեցող Արարատ լերան գագաթը։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ վիթխարի այս լեռը առաջին անգամ ըլլալով մագլցած էր հայրենի մեր սիրուած բանաստեղծ Խաչատուր Աբովեան, 1829 թուականին։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլէնտէյլ-Փասատինա Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որու խորագիրն էր՝ «Առաքելութիւն դէպի Արարատի Կատարը եւ Ուխտագնացութիւն դէպի Անի եւ Ախթամար»:
Վաւերագրական այս ժապաւէնը ներկայացուց «Երազ Խումբ»ի առաջնորդ Յարութ Տէր Դաւիթեան, Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016ի յետմիջօրէի ժամը 5:00ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան։ Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Յարութ Տէր Դաւիթեանը։
Յարութ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Ան վկայուած է Հայկազեան համալսարանի Պատմագիտութեան ճիւղէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, ապահովագրական ասպարէզէն ներս իր ժամանկաւոր մուտքը դարձած է մշտական, զինք հասցնելով Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ նահանգներ։
Յարութ աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Լոս Անճելըսի հայ մշակութային եւ մարզական միութեանց, եկեղեցական եւ դպրոցական մարմիններու՝ որպէս վարչական անդամ, այցելու ուսուցիչ, ծխական խորհուրդի անդամ, հոգաբարձու եւ այլն։
«Երազ Խումբ»ը իր առաքելութիւնը սկսած էր Երեւանէն եւ Վրաստանի վրայով անցած՝ Թուրքիա։ Անոնք Վրաստանի մէջ ալցելած են Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը եւ Յովհաննէս Թումանեանի Թմբկաբերդը։ Խումբի անդամները եկած էին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Հոլանտայէն։
Խումբի անդամներէն վեցը 50 տարեկանէն վեր էին, իսկ եօթը՝ 30 տարեկանէն վար։ Անոնց մէջ կային երկու հայր եւ երկու զաւակ, նաեւ արհեստավարժ լեռնագնաց մը, որ մագլցած էր Թանզանիոյ 19,341 ոտք բարձրութիւն ունեցող Քիլիմանճարոյ լերան գագաթը։ Սա Ափրիկէի ամենաբարձր լեռն է։
Խումբը նախ այցելած է Ախուրեան գետի ափին գտնուող պատմական Անի քաղաքը, որուն եկեղեցիները դժբախտաբար կը գտնուին քարուքանդ վիճակի մէջ։ Բարեբախտաբար սակայն, UNESCO-ն որոշած է նորոգել երեք եկեղեցիներ։
Ապա, խումբը մեկնած է Պայազիտ քաղաքը, որ կը գտնուի Արարատի փէշերուն։ Հոն՝ լեռնագնացութեան համար իրենց միացած են Գերմանիայէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն եօթը այլ անդամներ։ Ուրեմն դժուարին այդ առաքելութիւնը տեւած է չորս օր, երկուքուկէս օր մագլցելու եւ մէկուկէս օր՝ իջնելու համար։
Անխառն ուրախութեամբ լեցուած են բոլորը, երբ վերջապէս հասած են Արարատի գագաթը եւ բարձրացուցած հայկական դրօշը. . . Առաւել՝ Յարութ Տէր Դաւիթեան փոս մը փորելով, թաղած է իր մեծ հօր եւ մեծ մօր նկարը, որոնք նահատակուած ըլլալով ցեղասպանութեան ընթացքին՝ գերեզման չեն ունեցած։ Սա էր իր երազի իրականացումը!։
Վանայ լիճն ու Ախթամար կղզին վերջին կայքն էր այս խումբին, որուն միացած են Ֆրանսահայ զբօսաշրջիկներու խումբն մը եւս։ Հոս տեղին է յիշել, որ Վանայ լիճը երեք անգամ աւելի մեծ է, քան Սեւանայ լիճը։
Ուրեմն, միացեալ խումբը այցելած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր թէեւ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ անցեալ տարի, սակայն տակաւին ներսի պատերը ճերմակ գոյնով ներկուած են՝ ծածկելու համար հայկական Սուրբ գրային մանրանկարչութիւնը։
Վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք՝ ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցում հարցնելու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։