Երեւանի Վ. Թէքէեանի անուան թիւ 92 դպրոցի Յակոբ Պօղոսեանի անունը կրող լսարանին մէջ, կայացաւ «Յակոբ Պօղոսեանի անուան կրթաթոշակ» շարադրութիւններու ամէնամեայ մրցոյթի յաղթողներու պարգեւատրման արարողութիւնը, (մրցոյթը կայացած էր Հոկտեմբերի 12-ին Թէքէեան Կեդրոնէն ներս):
Ձեռնարկը, որ նուիրուած է հայ ականաւոր հրապարակախօս, լրագրող, քաղաքական մեկնաբան, «Նոր Օր» թերթի խմբագիր, թարգմանիչ Յակոբ Պօղոսեանի յիշատակին, կը նախաձեռնէ եւ 2002 թուականէն սկսեալ կ’իրականացնէ անոր այրին՝ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող Անի Պօղոսեանը: Մրցոյթին նպատակն է նպաստել աշակերտներու յառաջադիմութեան բարձրացման, խրախուսել հայոց լեզուի իմացութիւնն ու ստեղծագործական աշխատանքը, նոր լիցք ու ոգեւորութիւն հաղորդել աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ հնարաւորութիւն տալ պատանիներուն՝ դրսեւորելու իրենց գիտելիքները:
Այս տարուան մրցոյթի ստեղծագործական շարադրութիւններու թեմաներն էին՝ «Հայաստան աշխարհ», «Կարօտի կանչով» եւ «Իմ աղօթքի լեզուն»: Մասնակիցներն էին դպրոցի 8րդ եւ 9րդ դասարանի աշակերտները, որոնցմէ վեցը լաւագոյն աշխատանքներու համար արժանացան դրամական պարգեւներու՝
Ա. մրցանակ – Մոնիքա Մելիքսէթեան /9րդ դասարան/
Բ. մրցանակ – Միլենա Սիսեան /9րդ դասարան/
Գ. մրցանակ – Աստղիկ Ղազարեան /9րդ դասարան/
Դ. /խրախուսական/ մրցանակ – Յասմիկ Կարապետեան /9րդ դասարան/
Ե. /խրախուսական/ մրցանակ – Աստղիկ Պապաճանեան /9րդ դասարան/
Զ. /խրախուսական/ մրցանակ – Լուսինէ Պապաճանեան /8րդ դասարան/