Արցախի Լիպերալ Տեմոկրադական (Ռամկավար Ազատական) Կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ «Արմենակ Եկարեան» երիտասարդական թեւը կազմակերպեց արշաւ դէպի Արագած լեռ:
Անոնք Արագածի լանջին ՝ Քարէ Լիճին յարակից բարձունքին վրայ, կատարեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցելու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Շարունակելով արշաւը, նորաթուխ ռամկավարները այցելեցին Արագածոտն մարզի Ամբերդ ամրոցն ուՍուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ շարք մը տեսարժան վայրեր: