Հոկտեմբեր 23ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Լրագրողներու համահայկական 8րդ համաժողովի մասնակիցները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի առաջնագիծ, ծանօթացան սահմանապահ զինուորներու առօրեային, զրուցեցին զինուորներուն հետ, ականատես եղան պաշտպանական կառոյցներու արդիականացման ճարտարապետական աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, Տիգրանակերտի ամրոց-թանգարանին մէջ լրագրողները հանդիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեովա Մնացականեանին: Ան ներկայացուց ապրիլեան պատերազմէն ետք իրականացուած բարեփոխումները, կարեւոր համարեց այն առողջ բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, որ կը տիրէ բանակին մէջ:
Նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն:






