Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիէռ Անտրէն (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ապակառուցողական դիրքորոշման՝ խախտելով զինադադարի դրութիւնը եւ չհրաժարելով հայատեաց քաղաքականութենէն:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան պահպանման ու խախտումներու բացայայտման վերաբերող մեքանիզմներու մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ զայն նկատելով խաղաղ գործընթացի առանցքային բաղադրիչներէն մէկը:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է ֆրանսացի պաշտօնաթող համանախագահ Փիէռ Անտրէին՝ անոր ազնիւ ու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, եւ անոր մաղթած է յաջողութիւններ կեանքին ու յետագայ գործունէութեան մէջ։






